Մարդիկ ընդհանրապէս կասկածելու եւ չկասկածելու միջեւ կը գտնուին: Եւ առհասարակ ծայրայեղականներն են, որ դէպի այդ երկու կողմերը կը թեքին, ու կ’ապրին հիւանդագին կեանքով մը:
Կասկածը մտմտուք կը դառնայ իր չափազանցուած կերպին մէջ, եւ որուն արդիւնքը կ’ըլլայ անհանգիստ կեանք մը սոսկ: Մտմտուքի ծանր ճնշումներուն կ’ենթարկուին ու անոնց զոհ կ’երթան, ընդհանրապէս ինքնավստահութեան պակասէ տառապող անձեր: Սակայն այնքան ատեն, որ կասկածը մտմտուքի չէ՛ վերածուած, կարելի՛ է զայն աւելի դրական նպատակներու օգտագործել:
Այսպէս, կասկածող անձը կը սորվի մտածել ու հաշուարկումներ ընել: Ուրիշ խօսքով կասկածելուն առաւելութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ մարդուն մտածելու առիթ կը ստեղծէ: Որովհետեւ մեր կեանքին ընթացքին մեր տեսածներուն հիման վրայ, կամ՝ մեզի տրուած բացատրութիւններուն ականջ տալով մեր առնելիք քայլերը կամ տալիք որոշումները, առհասարակ մեքենականօրէն կը կատարենք, առանց մտածելու հետեւանքներուն մասին: Մինչդեռ չափաւոր կասկածամտութիւն ունեցող մարդը, նախապէս «կասկածելով» իր յաջողութեան մասին, կը մտածէ ու անգամ մը եւս կը խորհի իր տալիք որոշումի հետեւանքներուն մասին: Այստեղ, տակաւին կասկածիլը հիւանդագին վիճակ չունի, ոչ ալ տագնապի դուռ կը բանայ, մարդուն հոգեկան ներքին անդորրը ալեկոծելու չափ:
Քրիստոնէական իմաստով ըմբռնուող կասկածը, յաղթահարելի վիճակ մըն է: Յատկապէս երկնային աննիւթեղէն կեանքի, կամ հաւատքի անտեսանելի առարկաներու մասին ուսուցուած ճշմարտութիւններու շուրջ կասկածը, վերջին ժամանակներուն սովորական հարցադրումներու կարգ անցած է: «Աստուած կա՞յ», «հրեշտակ կա՞յ», «դատաստան պիտի ըլլա՞յ», «երկնային թագաւորութիւնը ինչպիսի՞ վիճակ կը ներկայացնէ», «հոգիները ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլան»: Ահաւասիկ հարցումներ, որոնց շարանը կարելի է երկարել մինչեւ էջին յատակը, եւ որոնք բոլորն ալ որոշ մարդոց մտքին մէջ կասկածի վերածուած կ’ըլլան իրենց կանուխ տարիքէն:
Աստուածաբանական, վերացական նման գաղափարներու շուրջ կասկածիլը բնական է, եւ ընդհանրապէս չափաւոր կասկածամտութիւնը ո՛չ միայն մտածելու եղանակներուն կը վարժեցնէ մարդը, այլ՝ նաեւ կը հասցնէ գիտութեան, ճշմարտութեան: Դարձեա՛լ պէտք է շեշտել, սակայն, որ չափաւոր կասկածին մասին է այստեղ խօսքը եւ ո՛չ թէ ատոր հիւանդագին տեսակին:
Սակայն ինչո՞ւ կասկածիլ: Ահա բուն հարցը, որուն պատասխանէն կախեալ է մեր կասկածամտութեան չափը եւ տարողութիւնը: Քրիստոնէական առումով մեր ունեցած կասկածամտութիւնը, կու գայ մեր ունեցած հաւատքին անօթութենէն, քաղցած մնալէն: Մեր մէջ գտնուող հաւատքը սնունդի պէտք ունի մնայուն կերպով: Այնպէս, ինչպէս բոյսը՝ ծառ ու ծաղիկ ջրտուքի կը կարօտին կանաչնալու, ծաղկելու եւ պտղաւորուելու համար, նոյնպէս ալ մեր հաւատքը, արդիւնաւորուելու համար պէտք ունի սնունդի: Կշտացո՛ւր հաւատքդ եւ պիտի տեսնես որ կասկածներդ սովէ պիտի մահանան…: Ուրիշ խօսքով, կասկած պիտի չմնայ մէջդ, երբ հաւատքդ զօրեղ է ու բաւարարուած իր «սնունդ»ով: Ան, որ հաւատքով կ’աղօթէ, կասկածի կեանք մը չապրիր, այլ՝ գոհունակ եւ երջանիկ:
Քրիստոնէական ճշմարտութիւններու մասին կասկածը ես ծուլութիւն ալ կը կոչեմ, որովհետեւ նման անձերու մօտ երեւցող կասկածը ո՛չ միայն վախի տպաւորութիւն կը թողու, այլ նաեւ՝ հաւատքի կեանքին գործունեայ ու աշխոյժ վազվզուքէն հեռու փախչելու կամաւոր ճիգի մը կը վերածուի: Հաւատքը գործեր կը պահանջէ, որոնք իր զօրեղ գոյութեան փաստերը պիտի ըլլան: Իսկ կասկածողը, որ միաժամանակ ծոյլ ալ կրնայ ըլլալ, ինչո՞ւ յոգնեցնէ ինքզինք անիմաստօրէն: Ուստի այդպիսի դատարկապորտներուն համար կասկածամտութիւնը ամէնէն դիւրին ճամբան է ինքնակղզիացման ու ծուլութեան: Կասկածը երբեմն այնպիսի լեռներ կը շինէ, որոնք միայն հաւատքի ուժով կարելի կ’ըլլայ տեղափոխել: Իրենց նկատմամբ ուրիշներու ունենալիք վերաբերմունքին մասին կասկածելով, մտովին «Սպանական դղեակներ» կը կառուցեն ոմանք, այս արտայայտութեան ժխտական իմաստովը: Այսինքն՝ կասկածները այնքան կը կուտակուին իրարու վրայ անոնց ուղեղին մէջ, որ կը դառնան հսկայ զանգուած մը, որուն տակէն դժուար թէ կարենան դուրս գալ:
Իրենց նկատմամբ ուրիշներու ունեցած տպաւորութեան մասին կասկածելէ տարբեր, Աստուծոյ իրենց նկատմամբ ունեցած տպաւորութենէն ալ կը կասկածին ոմանք, եւ ասիկա սոսկալի կերպով ահաւոր վիճակ մը կը ստեղծէ: Որովհետեւ նման կացութիւն մը, հոգեբանական նման վիճակ մը, Աստուծոյ նկատմամբ անվստահութեան գերագոյն աստիճանը կը կազմէ: Երբ կը կասկածիս, թէ Աստուած քեզ կը սիրէ, երբ կասկած ունիս Անոր անաչառ ու արդար հայրութեան, երբ կը կասկածիս մանաւանդ Անոր նախախնամական զօրութեան, կը նշանակէ, թէ Արարիչիդ նկատմամբ բացարձակապէս վստահութիւն չունիս…:
Հիմա, արտօնութիւն կու տամ քեզի կասկածելու եւ խորհելու պահ մը, թէ ի՞նչ պիտի մտածէ Աստուած քու մասիդ, երբ տեսնէ, թէ իր Ամենակարող ու Ամենատես բնութեան կը կասկածիս…: Եթէ քեզի պէս մանրուք հաշիւներով զբաղող մէկը ըլլար Աստուած, ամէնէն մեծ անհաւատարմութիւնը պիտի նկատէր արարքդ, եւ այնուհետեւ բնաւ իր նախախնամութիւնը պիտի չտարածէր քու վրադ…: Բայց Աստուած վրէժխնդիր չէ իր ստեղծած արարածներուն նկատմամբ: Անոր սէրը, Իր նկատմամբ քու տածած անկատար սիրոյդ չի՛ նմանիր, ո՛չ ալ անոր համբերութիւնը քու կասկածամտութեանդ պատճառաւ կը նուազի: Հայրական սիրոյ գերագոյն տիպարն է աստուածային սէրը, որուն արդիւնքն է այս ամբողջ տիեզերքը:
Այսուհետեւ մտածէ Աստուծոյ անսահմանելի զօրութեան դիմաց այն ոչինչ գոյութեան մասին, որ մարդն է, իր ամբողջ կարողականութիւններով, որուն թերահաւատութիւնը Յիսուս եւս այպանեց, միշտ Աստուծոյ վստահիլ թելադրելով անոր:
Կը կասկածի՞ս Աստուծոյ վրայ: Ան քեզ կը ճանչնայ նոյնիսկ քու կասկածելէդ առաջ եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներուն կը ձեռնարկէ քեզ դուրս բերելու անկէ: Պարզապէս քեզի կ’իյնայ ընդառաջել Աստուծոյ հրաւէրին: Աստուծոյ վրայ ունեցած կասկածդ քեզ կը հեռացնէ Իրմէ, մինչ ամբողջական վստահութիւնդ, զԱյն քու անզուգական խորհրդատու Հօրդ կը վերածէ…: