Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը հրապարակեց 6րդ համաժողովին ընտրուած նոր վարչութեան անդամներու ցանկը՝ վերահաշուարկէն ետք: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Իբրեւ արդիւնք՝ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան եւ խորհրդարանին մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան դուրս մնացին կուսակցութեան վարչութենէն: Անոնց տեղը անցան աւելի շատ ձայներ ստացած պատգամաւոր Արսէն Թորոսեանն ու արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան: