ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ»- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8ին, մինչ Պէյրութի մէջ կառավարութեան դէմ ցոյցեր կը շարունակուէին յաջորդական ութերորդ օրն ըլլալով, վարչապետ Ֆուատ Սինիորա առաջին անգամ ըլլալով պետական յեղաշրջումի ծրագրելու յանցանքով ամբաստանեց «Հըզպալլա»ի ղեկավար սէյիտ Հասան Նասրալլան, աւելի եւս սրելով երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:
Յայտնենք, թէ «Հըզպալլա»ի հրաւէրով, Ուրբաթ երեկոյեան Պէյրութի «Ռիատ Սոլհ»ի եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ միացեալ աղօթք կատարուեցաւ շիիներու եւ սիւննիներու կողմէ, սիւննի կրօնաւոր Ֆաթհի Եաքանի գլխաւորութեամբ, որուն նպատակն էր մեղմացնել սիւննի-շիի լարուածութիւնը:
Նաեւ, ՄԱկի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննան կոչ ըրաւ լիբանանեան կառավարութեան ու ընդդիմադիր ուժերուն, որ երկխօսութեան սեղան վերադառնան:
Յայտնենք, թէ Նասրալլա Հինգշաբթի երեկոյեան ցուցարարներուն արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հրապարակները ողողած բոլոր քաղաքացիներուն եւ պնդեց, թէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան գծով ընդդիմադիր ուժերու պահանջը արդար է: «Թող լաւ լսեն անոնք, որոնք կը կասկածին մեր շունչին երկարութենէն, համբերութենէն եւ դիմադրութեան ոգիէն. երբե՛ք պիտի չյոգնինք, պիտի չձանձրանանք եւ պիտի չյանձնուինք», շեշտեց ան։
Նասրալլա ընդգծեց, որ յառաջիկայ Կիրակի օր, յետմիջօրէին, լիբանանցի ժողովուրդը անգամ մը եւս պիտի փաստէ, թէ անոնք, որոնք գրաւ դրած են ընդդիմադիր ուժերուն յանձնուելուն վրայ, չարաչար կը սխալին, որովհետեւ Իսրայէլի դէմ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած դիմադրութիւնը իր պայքարէն ձախողութեամբ դուրս չի գար։
Իր խօսքը ուղղելով իշխանամէտներուն՝ ան ըսաւ. «Ամերիկեան եւ իսրայէլեան զօրակցութեան վրայ ձեր դրած յոյսերն ու անոնց կողմէ ձեզի խոստացուած զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի ծառայէ երկրին վրայ ձեր իշխանութիւնը շարունակելու ձեր փափաքին, որովհետեւ այսօր Ճորճ Պուշ ի՛նք կարիքը ունի զինք փրկող կողմի մը կամ ուժի մը»։ Նասրալլա նաեւ Սինորայի կառավարութիւնը ամբաստանեց Իսրայէլի հետ գործակցելու յանցանքով եւ շեշտեց, թէ լիբանանեան բանակը Իսրայէլի դէմ պատերազմին ընթացքին գրաւած է «Հըզպալլա»ի համար նախատեսուած զէնքեր:
«Մենք կառավարութեան հետ բանակցելու դուռները չենք փակած, սակայն փողոցէն պիտի չելլենք, մինչեւ որ մեր պահանջները իրականանան», շեշտեց ան:
Նասրալլա միաժամանակ դրուատեց բանակին առաքելութիւնը եւ գործելու եղանակը. ան կոչ ուղղեց ներքին ապահովութեան ուժերուն, որ բանակին նման գործելով երաշխաւորեն երկրին ապահովութիւնը։
Յայտնենք, թէ Ուրբաթ օր բանակի հրամանատարութիւնը հերքեց Նասրալլայի այն յայտարարութիւնը, թէ վերջին պատերազմի ընթացքին վարչապետ Սինիորայէն «Հըզպալլա»ի ուղղուող զինամթերքը գրաւելու հրաման ստացած է։