Geopolitical Monitor միջազգային հետախուզական հրատարակութիւնը ծաւալուն անդրադարձ մը կատարած է Հարաւային Կովկասի, յատկապէս Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ աճող լարուածութեան եւ հասունցող հակամարտութեան մասին:
«Մինչ ուքրանական պատերազմը գրաւած է համաշխարհային մամուլի վերնագիրները, այլ հակամարտութիւն մը կը հասուննայ Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր Ատրպէյճան եւ Իրան 2020ի Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք հետզհետէ աւելի թշնամացած են», կը գրէ աղբիւրը:
Կը նշուի, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ ռազմական աջակցութեամբ Հայաստանի դէմ՝ Ատրպէյճանի յաղթանակէն ետք, Իրան հասկցած է, որ հիւսիսային սահմանի երկայնքով իր ապահովութիւնը վտանգուած է, որովհետեւ պատերազմը կը սպառնար զինք կտրել շրջանային բանալի դաշնակից Երեւանէն:
Աղբիւրը կը յիշատակէ, որ Իրան մտահոգութիւն յայտնած է Սեպտեմբերին, Հայաստանի հարաւային սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի յաճախակի յարձակումներուն առթիւ, եւ յատկանշական է, որ այդ յարձակումները մտահոգած են նաեւ նաեւ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան:
«Այս ոտնձգութիւնները կը մօտենան Կովկասի սահմաններու հաւանական վերագծման Թեհրանի կարմիր գիծերէն մէկուն, որուն յաճախ կ՛ակնարկուի նախագահներ Ալիեւի եւ Էրտողանի հռետորաբանութեան մէջ եւ կապ ունի փանթրքական ծաւալումին հետ: (Սահմաններու) վերագծումը նոր աշխարհաքաղաքական հարցեր կը յառաջացնէ Իրանի համար. անոնց շարքին է հազարաւոր տարիներ անխափան գործող Հայաստանէն անցնող առեւտուրի հնագոյն ճամբու խափանումը: Ատրպէյճան չի ծածկեր Իրանի հանդէպ իր թշնամութիւնը Հայաստանի հետ 2020ի պատերազմէն ի վեր՝ երթալով այնքան հեռու, որ սկսած է ներկայացնել «Մեծն Ատրպէյճան»ի քարտէսներ, ուր կան Իրանի հիւսիսային նահանգներէն որոշ հատուածներ (Իրանի մէջ կ՛ապրին շուրջ 16 միլիոն ատրպէյճանցիներ, որոնք կեդրոնացած են երկրի հիւսիս-արեւմուտքը՝ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ): Թէ՛ Պաքու, թէ՛ Թեհրան վերջին տարուան ընթացքին դիւանագիտական հարցերու մէջ «ակն ընդ ական» ոճի քայլերու դիմած են, ինչ որ առաւել աճեցուցած է լարուածութիւնը: 2020ի պատերազմէն ետք, Ատրպէյճանը զսպելու նպատակով, Իրան տարբեր զօրավարժութիւններ նախաձեռնած է իր սահմաններու երկայնքին: Միւս կողմէ, Պաքու Իրանի հետ լարուածութիւնը աւելիով սրած է՝ խթանելով Իրանի ատրպէյճանցիներու անջատողական շարժումը», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ երբ Իրանի մէջ բողոքի ներկայ շարժումը կը շարունակէ աճիլ` միաւորելով բնակիչները իսլամ կրօնականներուն դէմ, Իրան կրնայ յուսահատ քայլի դիմել ուշադրութիւնը շեղելու համար, իսկ արտաքին հակամարտութիւնը երկիրն ընդհանուր թշնամիի դէմ միաւորելու ուղիներէն մին է:
«Թէեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ 2003ին իշխանութեան գալէ ասդին պահած է կոշտ բռնակալական կառավարումը, ան այժմ կը վայելէ ժողովրդականութեան նոր ալիք մը՝ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի տարած յաղթանակին պատճառով: 1990ականներու Ղարաբաղեան պատերազմին պարտութիւնը ազգային մեծ նուաստացում էր եւ շրջանի հայերուն հանդէպ դժգոհութեան հիմնական աղբիւր: Ալիեւ երկար ատենէ ի վեր կ՛օգտագործէ երկու ազգերուն միջեւ ընթացող հակամարտութիւնը՝ աւելի ամրապնդելու համար իր բռնի իշխանութիւնը, մինչեւ այն աստիճան, որ ՆԱԹՕի հովանաւորած զօրավարժութիւններուն ընթացքին քնացած հայուն կացինահարած սպային ազգային հերոսի կոչում շնորհեց, երբ ոճրագործը 2012ին Ատրպէյճանին արտայանձնուեցաւ: Իսլամական յեղափոխութեան պահակներու զօրաբաժինը վերջերս մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զօրք կուտակեց Ատրպէյճանի հետ Իրանի սահմանի երկայնքին, ինչ որ կը մեծցնէ հաւանական պատերազմի վտանգը: Քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ որեւէ բաց հակամարտութիւն կրնայ աղէտալի ըլլալ համաշխարհային ուժանիւթի շուկաներուն համար՝ առանց խօսելու մարդասիրական ճգնաժամի հնարաւորութեան մասին, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ կ՛ապրին», կը գրէ Geopolitical Monitor-ը:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ Իսլամական յեղափոխութենէն ետք Իրան միջազգայնօրէն մեկուսացած է: Միւս կողմէ, Ատրպէյճան, թէեւ կը շարունակէ կառավարուիլ բռնապետական տոհմական իշխանութեամբ, սակայն ամրապնդած է միջազգային յարաբերութիւնները, փոխադարձ պաշտպանական պայմանագիր ունի Թուրքիոյ հետ, ռազմական պայմանագիր՝ Իսրայէլի հետ եւ Ծոցի երկիրներուն աճող աջակցութիւն: Բացի այդ, ըստ աղբիւրին, ռուսական ներխուժումը Ուքրանիա ստիպած է Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներ փնտռելու, որուն Պաքու արագօրէն հաւանութիւն տուաւ եւ կազի նոր համաձայնագիր կնքեց: Ասոր հետեւանքով, ըստ աղբիւրին, դիւանագիտական ջանքերը այնպէս ամրապնդած են Ատրպէյճանի միջազգային դիրքը, որ եթէ պատերազմ սկսի Իրանի հետ, Պաքու կրնայ յոյսը դնել ստոյգ դիւանագիտական աջակցութեան վրայ՝ նկատի ունենալով այլընտրանքային ուժանիւթի հիմնական մատակարարի կարգավիճակը:
«Այնուամենայնիւ, Իրանի երկարահաս հրթիռներու աճող կարողութիւններու եւ մարտական փորձուած անօդաչու թռչող սարքերու շնորհիւ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ներկայիս չունին Իրանի հաւանական հարուածներէն պաշտպանուելու հնարաւորութիւնները: Եթէ հակամարտութիւն սկսի, Թուրքիոյ հետ փոխադարձ պաշտպանական պայմանագիրը կրնայ շրջանային պատերազմի եւ մարդասիրական այլ աղէտի մը պատճառ դառնալ: Յառաջիկային կարելի է ակնկալել թէ՛ Իրանի, թէ՛ Ատրպէյճանի կողմէ դիւանագիտական «փոխհրաձգութեան» սաստկացում, որ ձեռնտու է իւրաքանչիւր երկրի վարչակարգերուն: Այնուամենայնիւ, անկառավարելի սաստկացման եւ, յոռեգոյն պարագային, շրջանային պատերազմի վտանգը կը մնայ՝ թէեւ կողմերէն ոչ մէկը կը փափաքի եւ չի կրնար ինքնիրեն արտօնել նման բան», կ՛եզրափակէ Geopolitical Monitor-ը: