ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի նստաշրջանը աւարտելով, Կիրակի 30 Հոկտեմբերին, ան դուրս եկաւ նախագահական պալատէն եւ իր կուսակիցներուն եւ համակիրներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ռապիէի իր բնակարանը:
Զօր. Աուն Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդական երրորդ նախագահն է, որ առանց իր յաջորդի ընտրութեան կը լքէ պաշտօնը եւ նախագահական աթոռը անորոշ ժամանակով կը մնայ թափուր:
Այս փաստը կը վկայէ որ Լիբանանի քաղաքական կեանքը կը գտնուի ապառողջ վիճակի մը մէջ, ինչ որ հետեւանք է տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած բազմապիսի հարցերու:
1975ին սկսած 15 ամեայ քաղաքացիական պատերազմը աւարտեցաւ Թայէֆի համաձայնագիրով եւ լիբանանցիներուն մօտ ստեղծուեցաւ այն պատրանքը, որ երկիրը թօթափած է քաղաքացիական պատերազմին հասցուցած քաղաքական բեւեռացումը եւ թեւակոխած է բնականոն հանգրուան մը, ուր գլխաւոր վերնագիրը պիտի ըլլար վերաշինութինն ու տնտեսական վերելքը: 1990ականներուն, շուրջ տասնամեակ մը լիբանանցիք ապրեցան այդ խաբկանքով: Սակայն արդէն 2000ականներու սկզբնաւորութեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական փոփոխութիւնները իրենց ժխտական անդրադարձը ունեցան երկիրին քաղաքական կեանքին վրայ եւ նախկին վարչապետի սպանութիւնը, սուրիական բանակի Լիբանանէն դուրս գալը (2005) եւ Իսրայէլ-«Հըզպալլա» պատերազմը (2006), երկիրը դրին նոր իրականութիւններու առջեւ, ուր համայնքայնութիւնը եւ բեւեռացումը հասան իրենց գագաթնակէտին, որուն դրսեւորումն է երեք յաջորդական նախագահներու ընտրութեան ձախողութիւն՝ ճշդուած ժամկէտի ընթացքին;
Լիբանանի շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը բազմապատկուեցաւ, երբ բացայայտուեցաւ, որ անոր ծովափը հարուստ է կազի պաշարներով: Հոս եւս բախման հաւանականութիւնը կար Իսրայէլի հետ, նկատի ունենալով, որ ծովային սահմանազատում չէր կատարուած, որուն հետեւանքով Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ փոխադարձ սպառնալիքները տեւական բնոյթ ստացան: Սակայն, ամերիկեան միջնորդութեամբ կարելի եղաւ այդ սահմանագծումը կատարել, եւ ըստ լիբանանցիներու, իրենց իրաւունքները ամենայն բծախնդրութեամբ պահպանուած են: Այս սահմանագծումը յոյսի նշոյլ մը եղաւ լիբանանցի քաղաքացիներուն համար, սակայն պէտք է ընդգծել, որ ամերիկեան միջամտութիւնը թէկուզ ի նպաստ Լիբանանի իրաւունքներուն, կը միտէր իսրայէլեան կազը հասցնել Եւրոպա, ռուսական կազի իբրեւ այլընտրանք, որոշ համեմատութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, այս սահմանագծման կարեւորութիւնը այն է, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանը դարձաւ խաղաղ եւ պատերազմի սպառնալիքը վերացաւ:
Դժբախտաբար Լիբանանի ղեկավարութիւնը չկրցաւ կամ չուզեց օգտուիլ ընձեռուած համեմատաբար «խաղաղ» տասնամեակէն (1992-2002) եւ երկիրին մէջ գոյութիւն ունեցող կաշառակերութիւնը, փտածութիւնն եւ թալանը փոխանակ վերանալու կամ նուազագոյնի իջնելու, աւելցան եւ նոյնինքն ղեկավարութիւնը դարձաւ պետութիւնը կրծող այդ ախտերուն խորհրդանիշը: 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմի աւարտին, Լիբանանի պարտքը կը կազմէր շուրջ ութը հարիւր միլիոն տոլար։ Երեսուն տարուան խաղաղութենէ ետք, երկիրը ունի 100 միլիառ տոլար պարտք: Իսկ Թայէֆի համաձայնագիրը ոչ միայն չյաջողեցաւ առկայ խնդիրներուն լուծում տալ, այլեւ երկիրը աւելի համայնքայնացաւ եւ բեւեռացումը հասաւ իր գագաթնակէտին:
Այլ խօսքով արտաքին ոչ բարենպաստ պայմանները, որոնց ընկերացան ներքին տարակարծութիւնները եւ ոչ ճիշդ կառավարումը, Լիբանանը հասցուցին 2019 Հոկտեմբեր 17ին սկսած բողոքի ցոյցերուն, որոնք ազդանշանը տուին տնտեսական փլուզման եւ քաղաքացիներուն սնանկացումին:
Դժբախտաբար տնտեսական գահավիժումը եւս չմիացուց Լիբանանի ղեկավարութիւնը: Այսօր ամերիկեան մէկ տոլարի արժէքը հասած է 40,000 լ. ոսկիի, դրամատուներուն մէջ հասարակ քաղաքացիներու պահ դրած գումարները «շոգիացած» են, արտագաղթը կը շարունակուի մեծ թափով, ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարումը նուազագոյնի իջած են, եւ այս բոլորին հետեւանքով երկիրին մէջ ընկերային տագնապները լրջօրէն կը սպառնան երկիրի դիմադրողականութեան եւ գոյութեան, իսկ Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ գործել նոյն ոճով, նոյն կաշառակերութեամբ, փտախտով եւ ամէնաընդվզեցուցիչը այն է, որ ամէն առիթ կ՛օգտագործուի արդէն իսկ սնանկացած ժողովուրդը կողոպտելու:
Առայժմ յոյսի նշոյլներ չկան հորիզոնին վրայ: Նախագահական թափուր աթոռը անոր մէկ ցուցանիշն է, որ տակաւին կրնայ երկար տեւել: Սակայն այստեղ հարցը միմիայն նախագահի ընտրութիւնը չէ: Լիբանան կարիք ունի համակարգային փոփոխութեան իր գոյութիւնը կարենալ շարունակելու համար: Ներկայ դրութիւնը ինքզինք սպառած է եւ այլեւս անկարող է լուծումներ գտնելու եւ երկիրը դուրս հանելու «ճահիճ»էն:
Կը մնայ գլխաւոր հարցումը: Արտաքին ուժերը ի՞նչ դերակատարութիւն կը նախատեսեն յառաջիկային այս փոքր երկիրին համար, կամ ուրուագծուող նոր աշխարհակարգին մէջ, Լիբանան առհասարակ գոյութիւն պիտի ունենա՞յ: