Ատրպէյճան 9 Նոյեմբերի գիշերը՝ զինադադարի յայտարարութեան օրը, զանազան տրամաչափի զինատեսակներով կրակ բացաւ Հայաստանի ուղղութեամբ: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան` թիրախ դարձան հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած դիրքերը: Մանրամասնութիւն չկայ, թէ ճիշդ ո՛ր հատուածներուն մէջ կրակ բացուած է: Առաւօտուան դրութեամբ արդէն կացութիւնը յարաբերաբար կայուն էր:
«Յստակ, թէ որ դիրքերի ուղղութեամբ են կրակ բացել, չենք նշի, բայց արեւելեան ուղղութեամբ տարբեր հրաձգային զինատեսկաներից կրակ են բացել հայկական դիրքերի ուղղութեամբ գիշերուայ ընթացքում` տարբեր ժամերի: Հայկական կողմը կորուստներ չունի», ըստ «Ազատութեան», յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, թէ Արցախէն կրակ բացուած է ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ: Պաշտպանութեան բանակը հերքեց այդ տեղեկութիւնը:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան սադրանք որակեց Պաքուի յայտարարութիւնը: «Մենք միշտ պէտք է պատրաստ լինենք պրովոկացիաների (գրգռութիւններու), ի հարկէ, ամէն ինչ անում են, ատելութիւն է, ատում են մեզ, ի՞նչ անենք, տեռոր (ահաբեկչութիւն) է տեղեկատուական», ըսաւ ան։
8 Նոյեմբերին, Շուշիի մէջ «44օրեայ պատերազմի յաղթանակի օրուան առթիւ» Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Սեպտեմբերի մարտական գործողութիւններէն ետք, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիմնական ռազմավարական բարձունքները հիմա Պաքուի վերահսկողութեան տակ են, իրենց տեսադաշտին մէջ են Կապանը, Գորիսը, Սեւանայ լիճը, հայկական զինուժի դիրքերուն մեծ մասը:
Ջերմուկը Ատրպէյճանի թիրախ էր Սեպտեմբերի յարձակումին ընթացքին. այս ուղղութեամբ երկօրեայ մարտերուն ընթացքին ատրպէյճանական ուժերը զգալիօրէն առջեւ եկան` այժմ առողջարանային քաղաքէն հակառակորդի ուժերը 4.5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ են: Ատրպէյճանի դիտակէտին մէջ յայտնուած ջերմուկցիները կ՛ապրին պատերազմի տագնապով։ Այս մասին կը վկայէ քաղաքի աւագանիի անդամ Սիւզան Աւետիսեան: «Ո՞նց կարող է տագնապ չլինի, երբ որ թշնամին աւելի է մօտեցել քեզ, ո՞նց կարող է տագնապ չլինի, երբ դու դրան պատրաստ չես եղել ու նման հրետակոծութեան տակ ես ընկել», նշեց ան:
Ատրպէյճանի ուժերը շատ մօտ են նաեւ Վարդենիսի Վերին Շորժա համայնքին: Վերջին մարտերէն ետք մարդիկ աշնանացան չեն ըրած, ատրպէյճանցիներուն քիթին տակ վտանգաւոր է, կը հաստատէ գիւղապետ Արտեոմ Երանոսեան: «Ես ինքս աշնանցան ցորենը միշտ ցանել եմ 150-200 հեկտար, հիմա էս տարուայ դրութեամբ 30 հեկտար եմ կարողացել ցանել, քանի որ էդ 30 հա.ն էլ հազիւ ցանել եմ», ըսաւ ան։
Վերին Շորժայի եւ Վարդենիսի տարածաշրջանի շարք մը համայնքներ նախորդ տարուընէ ատրպէյճանական կրակոցներու թիրախ էին։