ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկման առարկայ դարձաւ ցեղասպանութեան եւ պատերազմական ոճիրներու ժխտումը քրէականացնելու հարցը։
Համախոհական կառավարութիւնը խորհրդարանին ներկայացուց օրէնքի նախագիծ մը, որուն նպատակն է բարեփոխել Գերմանիոյ քրէական օրէնսգիրքի 130րդ յօդուածը, որպէսզի պատժուին ոչ միայն Գերմանիոյ մէջ Հրէական Ողջակիզումը ժխտողները, այլ նաեւ աշխարհի այլ ցեղասպանութիւններն եւ պատերազմական ոճիրները ժխտողները, մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները հերքողները։
Օրէնքը կը նախատեսէ բանտարկութիւն (մինչեւ երեք տարի) կամ տուգանք բոլոր անոնց համար, որոնք ատելութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրեն՝ ուրանալով ցեղասպանութիւնը եւ պատերազմական ոճիրները։
Օրէնքին փոփոխութեան աջակցող Գերմանիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը իր կայքին վրայ կարգ մը պարզաբանումներ տուած է այս մասին։ Այնտեղ կը նշուի, որ եթէ դատարանները չեն հաստատած տուեալ ցեղասպանութեան կամ ռազմական ոճիրի փաստը, այդ պարագային օրէնքի նախատեսած պատիժը չի տարածուիր ենթադրեալ ոճիրը ժխտողին վրայ։ «Բայց որոշ պարագաներու պատմական փաստերը կրնան հանրայայտ ըլլալ, եւ այդ պարագաներուն դատարանը ապացոյցներ հաւաքելու կարիքը չունի», կը բացատրէ նախարարութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը 2016ին վաւերացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը հաստատող բանաձեւ մը։