ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թրէնտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Փիթըր Ալկայմըր յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր դեր խաղացող Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւններուն։
Ան հանդիպման ընթացքին նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներ համաձայն է Ատրպէյճանի Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան անդամակցութեան եւ պատրաստ է պէտք եղած օժանդակութիւնը տրամադրելու։ Ան նաեւ շեշտեց, որ պէտք է երկրին մէջ շարք մը անհրաժեշտ քայլեր առնուին անդամակցութեան գծով։
Իր կարգին, Մամէտեարով նշեց շրջանին մէջ Ատրպէյճանի ունեցած կարեւոր դերը, մեծ տարողութեամբ ծրագիրներու անհրաժեշտութիւնը եւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան ոչ քարիւղի մարզերուն բարելաւման կարեւորութիւնը, միեւնոյն ժամանակ յիշելով երկրին մէջ ընկերային եւ տնտեսական յառաջդիմութիւնները։ Ան նշեց նաեւ բոլոր այն քայլերը, զորս կ՚առնուին Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան անդամակցութիւնը ապահովելու համար, եւ յայտնեց, թէ գոհ է բանակցութիւններուն ներկայ ընթացքէն։
Իր կարգին, Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան Ատրպէյճանի անդամակցութեան բանակցութիւններու պատասխանատու եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մահմուտ Մահմատկիւլիեւ յայտնած է, թէ կազմակերպութեան պահանջած կէտերն ու անդամակցութեան պայմանները շատ ծանր են Ատրպէյճանի համար։
Ան յայտնեց, թէ Ատրպէյճան կ՚աշխատի իրմէ պահանջուած պայմանները ամբողջացնել եւ ներքին շուկային մէջ մրցակցութիւնն ու արտադրութեան կարելիութիւնները աւելցնել, որպէսզի տեղական արտադրութիւնները կարենան մրցիլ այլ արտադրութիւններուն հետ։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ տուրքերու հարցը տակաւին քննարկումի առարկայ է, սակայն այդ գծով առաջարկ ներկայացուած է արդէն։ Ան աւելցուց, որ նոր օրէնքներ պիտի որդեգրուին եւ կարգ մը ուրիշներ փոփոխութեան պիտի ենթարկուին, որպէսզի կարելի ըլլայ Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը ապահովել։