ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի օր, Եւրոպական յանձնաժողովը մինչեւ Դեկտեմբերի կէսերը պայմանաժամ ճշդեց Թուրքիոյ համար, որպէսզի Կիպրոսի դիմաց բանայ իր նաւահանգիստները, այլապէս սպառնաց, որ Թուրքիա կը կրէ ատոր հետեւանքները՝ անդամակցութեան գործընթացին մէջ:
Անգարա սակայն մերժեց Կիպրոսի հարցը իր անդամակցութեան դիմումին առնչել, Եւրոպական միութենէն պահանջելով տէր կանգնիլ իր խոստումներուն:
Եւրոպական յանձնաժողովը տեղեկագիր հրապարակեց Թուրքիոյ կապակցութեամբ, հոն արծարծելով Կիպրոսի դիմաց նաւահանգիստները բանալու պահանջը: Տեղեկագիրը հաստատեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ իր պարտաւորութիւնները ամբողջութեամբ չյարգուիլը իր հետեւանքները պիտի ունենայ անդամակցութեան գործընթացին:
Յանձնաժողովի նախագահ Խ. Մանուէլ Պարոսօ ըսաւ, թէ Թուրքիոյ դիւանագիտական նոր առիթ մը եւս պիտի տրուի, որպէսզի Կիպրոսի հարցով լուծում մը գտնուի:
Միւս կողմէ, Ֆրանսա յայտարարեց, որ եթէ Թուրքիա չյարգէ իրեն փոխանցուած պայմանները մինչեւ յառաջիկայ ամիս, Եւրոպական միութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ թրքական անդամակցութեան ժամանակացոյցը: Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ ըսաւ, թէ «իւրաքանչիւր կողմէ պէտք է քայլ առնուի» Կիպրոսի հարցը լուծելու համար: