Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնեց 13 Նոյեմբերին, Պոլսոյ մէջ պատահած պայթումին համար։ «Անկեղծ ցաւակցութիւններս եմ յայտնում Ստամբուլում տեղի ունեցած մահաբեր պայթիւնի զոհերի ընտանիքներին, իսկ վիրաւորներին մաղթում եմ շուտափոյթ ապաքինում», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուն նոյնպէս «Թուիթըր»ի ճամբով արձագանգեց Միրզոյեանին՝ գրելով. «Շնորհակալութիւն ձեր ցաւակցական ուղերձին համար»: