
Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբերի առաւօտեան, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ հանդիպում ունեցան Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի Հայկական ակումբի աշակերտները, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ ընկերակցութեամբ պատասխանատու ուսուցիչներու:
Առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց աշակերտական խումբը, որ բաղկացած էր 7րդ եւ 8րդ կարգերու այն աշակերտներէն, որոնք Հայկական ակումբին մաս կը կազմեն եւ իրենց փափաքն էր, որ սրբազանին հետ ունենան հանդիպում-զրոյց մը, ինչպէս բացատրեց տնօրէնուհին, շնորհակալական իր խօսքին մէջ:
Իրենք զիրենք սրբազան հօր ներկայացնելէ ետք, աշակերտները ուղղեցին հարցումներ, որոնց Թորգոմ եպիսկոպոսը պատասխանեց մեծ խանդավառութեամբ ու գորովով՝ Ս. Գրային կարգ մը օրինակներով եւ աշակերտներուն հասկնալի լեզուով բացատրելով ՄԱՐԴ-ՀԱՅ ՄԱՐԴ-ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՄԱՐԴ ըլլալու առաքինութիւնը, ապա դրուատեց Ազգային վարժարաններու աշակերտներուն Հայաստանի, հայութեան եւ հայկական մշակոյթի նկատմամբ ցուցաբերած յարգանքը, սէրը եւ հոգատար վերաբերումը, միաժամանակ քաջալեր հանդիսանալով Շամլեան վարժարանի Հայկական ակումբին, որ աշակերտական մակարդակի բարեսիրական գործունէութիւն սկսած է ծաւալել՝ Հայաստանի ու Արցախի իրենց տարեկից քոյր-եղբայր դպրոցականներու կարիքները հոգալու առումով:


Խրախուսական մթնոլորտը ընդգրկեց նաեւ Քրիստոսի բարոյախօսական խրատները, ինչպէս՝ ներել դուն քեզ, ներել դիմացինը, սիրել զիրար, սիրել քու նմանդ, որոնք զրոյցը դարձուցին շահեկան, հաճելի եւ իմաստալից:
Հուսկ, առաջնորդը նիւթական զօրակցութիւն մը կատարեց Շամլեան վարժարանի Հայկական ակումբին, առ ի ծաւալում աշակերտներուն ազգանուէր եւ հայանպաստ գործունէութեան, ապա իւրաքանչիւր այցելու աշակերտի յանձնեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ես Գիրք Եմ Հայերէն» հատորէն օրինակներ եւ փայտէ խաչեր: