Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտնեց, որ 10 Նոյեմբեր 2020էն 13 Նոյեմբեր 2022 երկարող ժամանակաշրջանին, Ատրպէյճանի կողմէ սպաննուած են 18 անձեր (3ը` քաղաքացիներ, 15ը` զինուորներ), սպանութեան փորձի ենթարկուած են 132 անձեր (54ը` քաղաքացիներ, 78ը` զինուորներ), կրակոցներէ վիրաւորուած եւ ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած են 67 անձեր (16ը` քաղաքացիներ):
Վերոնշեալ ժամանակաշրջանին, ըստ Ստեփանեանի, Արցախի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ արձանագրուած են նիւթական եւ մարդկային վնաս պատճառած յանցագործութեան 121 դէպքեր:
Պատահականօրէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ յայտնուած 8 անձերէն 5ը վերադարձուած է բռնութեան եւ խոշտանգման բացայայտ հետքերով ու կոտրուածքներով։ Ստեփանեան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմին վերադարձուած անձերէն Մարտունիի շրջանի բնակիչ, անասնապահութեամբ զբաղող, 1989ի ծնունդ Արտակ Մանասեան ամիսներ ետք մահացած է:
Ըստ Ստեփանեանի՝ Ատրպէյճան թիրախ դարձուցած է 13 բնակելի տուներ, վնասած կամ ոչնչացուցած 8 գիւղատնտեսական սարքեր, 22 փոխադրամիջոցներ, 16 այլ գոյքեր, հրկիզած է 5 այգիներ, խաղաղ բնակչութենէն յափշտակած է մանր եւ մեծ եղջերաւոր անասուններ, իսկ պատահականօրէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող արօտավայրեր անցած կենդանիները չեն վերադարձուած, այլ՝ յափշտակուած եւ օգտագործուած են ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Ընդգծելով, որ ատրպէյճանցի զինուորականները երբեմն անմիջապէս կը մտնեն այգիները եւ զէնքի սպառնալիքով բերքահաւաքին մասնակցող անձերը կը ստիպեն լքել զայն՝ Ստեփանեան շեշտեց, որ նման վարքագիծի պատճառով սպաննուած են Մարտակերտի շրջանի բնակիչ, հողագործութեամբ զբաղող Արամ Տեփնանց եւ Մարտունիի շրջանի բնակիչ, անասնապահութեամբ զբաղող Սէյրան Սարգսեան:
«Այս բոլոր գործողութիւնները Արցախի էթնիկ (ցեղային) զտման եւ Արցախի ժողովրդին ցեղասպանութեան ենթարկելու ադրբեջանական վարքագծի փաստական ապացոյցներն են: Դրանք աւելի խօսուն են, քան ադրբեջանական ղեկավարութեան կեղծ խաղաղասիրութիւնն ու տրուող սուտ խոստումները», կը յայտնէ Ստեփանեան: