Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արցախ-Ֆրանսա» Բարեկամութեան շրջանակի անդամ պատգամաւորները երախտագիտութեան խօսք ուղղեցին Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամներուն:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւս ողջունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին ընդունած որոշումը եւ շնորհակալական նամակ մը յղեց Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէին: Ան պատգամաւորներուն անունով իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի բոլոր անդամներուն եւ նախագահին՝ նման աներկբայ բանաձեւի ընդունման համար, որ տրամաբանական շարունակութիւնն է 25 Նոյեմբեր 2020ին Ծերակոյտին կողմէ Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին ընդունած պատմական բանաձեւին:
«Յախուռն ուրախութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովն ընդունեց Ֆրանսիայի Սենատի կողմից Ադրբեջանի ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման լուրը: Յոյսով եմ, որ այս նախաձեռնութիւնը կը նպաստի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան շրջանակում խաղաղութեան գործընթացի վերսկսմանը եւ կը ստիպի Ադրբեջանին վերադառնալ բանակցութիւնների սեղանի շուրջ` հրաժարուելով ահաբեկչութեան եւ շանտաժի (սպառնալիքի)` իր քաղաքականութիւնից», գրած է Թովմասեան իր նամակին մէջ: