Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ քոնկրեսական Քրիս Փափասի առաջնորդութեամբ, հանրապետական եւ դեմոկրատ առաւել քան 20 քոնկրեսականներ կոչ ըրին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ պահպանեն 2023ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծին (NDAA) թիւ 1271 յաւելուածը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արգիլել ամերիկեան F-16 ռազմական օդանաւերու վաճառքը։
Հայ Դատի #NoJetsForTurkey արշաւին միացած քոնկրեսականներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ յիշեցնելով, որ Անգարա ամերիկեան զէնքերը յաճախ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն դէմ կը գործածէ։
Նամակը եւ անոր զօրակցող քոնկրեսականներուն ամբողջական ցանկը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։