ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Armenian Technology Group» հիմնադրամը (կեդրոնը Ֆրեզնօ) «Սերմարտադրողներու աջակցութեան միութիւն» կազմակերպութեան օժանդակութեամբ, գիւղատնտեսական հաստատութիւններու արտերուն մէջ այս տարի աճեցուցած է ցորենի եւ գարիի ընտիր եւ առաջին վերարտադրութեան սերմացուներ, որոնք հիւանդութիւններու եւ վնասատուներու նկատմամբ դիմացկուն ըլլալէ բացի, ունին բարձր բերքատուութիւն:
Անոնցմէ մէկը կարմրահատ ամերիկեան Weston ցորենն է, որ Շիրակի մարզի անջրդի հողատարածքներուն մէջ հեքթարէն ապահոված է՝ 4-4.5 թոն, իսկ Արմաւիրի ոռոգուող հողերուն մէջ 6.6 թոն բերք: Միւսը՝ սպիտակահատ Eltan-ն է, որ Շիրակի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ հեքթարէն ապահոված է 4.3-5 թոն, իսկ Լոռիի մարզին մէջ՝ 5.5 թոն բերք:
Վերոնշեալ մարզերու արտերուն մէջ լաւ արդիւնք ապահոված են կարկտահարութենէն անհամեմատ քիչ վնասուող Merita ցորենը, ամուր հատիկներով ու ցօղունով յատկանշուող Steptoye գարին, «ՏՆ-64» մեծ հատիկներով ցորենը, որոնք Արարատի մարզին մէջ հեքթարէն ապահոված են 6-6.5 թոն բերք, եւ որոնք մեծապէս կը գործածուին ձաւարեղէնի արտադրութեան մէջ:
Վերոնշեալ աշխատանքներէն բացի, զանազան կլիմայական պայմաններուն մէջ գտնուող հողերու մէջ այս տարի փորձարկուած եւ բարձր արդիւնք ապահոված են նաեւ հացահատիկային մշակաբոյսերու միջազգային կեդրոնի տրամադրած առուոյտի երեք եւ եգիպտացորենի չորս նոր տեսականեր: