
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ շեշտեց, որ աններելի եւ բարոյապէս անընդունելի է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Ատրպէյճանին:
Մենենտեզ այս մասին ընդգծեց յանձնախումբին մէջ կատարուած քննարկումներուն ընթացքին՝ ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդականին առջեւ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մենետեզին, որ նիստը կազմակերպելով՝ կրցաւ լուսարձակի տակ առնել Կովկասի նկամամբ արտաքին գործոց նախարարութեան խորապէս թերի քաղաքակութիւնը։ Համբարեան «վտանգաւոր եւ անպատասխանտու» որակեց Կովկասի նկատմամբ Ուաշինկթընի որդեգրած քաղաքականութիւնը։
Մենենտեզ նայեւ ընդգծեց, որ տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքական մեծ նշանակութիւն ունեցող հնագոյն խաչմերուկ է՝ իբրեւ կամուրջ Արեւմուտքի եւ Ասիոյ միջեւ: Սակայն շատ յաճախ կայսերական նկրտումներ ունեցող բռնապետերը Հարաւային Կովկասի մէջ ապրողները զոհ կը դարձնեն՝ իբրեւ օրինակ նշելով Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող Ատրպէյճանի յարձակումը հայերուն վրայ: Ան յիշեցուց, որ 2020ին, Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը, որուն պատճառով շուրջ 100,000 հայեր ստիպուած եղան հեռանալու Արցախի իրենց տուներէն:
Մենենտեզ խօսեցաւ նաեւ ցեղային զտումներու սպառնալիքներու մասին:
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական արձագանգը բաւարար չէ եղած, այդ պատճառով ալ ինք յատկապէս յառաջ կը տանի մարդասիրական օգնութեան հարցը՝ օգնելու վնասներ ստացած անձերուն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ:
«Բայց անհաւատալիօրէն մենք տակաւին ապահովական աջակցութիւն կ՛ուղարկենք Ատրպէյճանին: Միացեալ Նահանգները ինչպէ՞ս կրնայ հիմնաւորել Պաքուի վարչակարգին որեւէ տեսակի աջակցութիւն՝ ապահովական կամ այլ: Ասիկա աններելի է: Անձամբ կը կարծեմ, թէ ասիկա բարոյապէս անընդունելի է», շեշտեց ան՝ եղածը անարգանք նկատելով Ազատութեան աջակցութեան բանաձեւին նկատմամբ:
Այդ բանաձեւի թիւ 907 բաժինը կոչուած է արգիլելու աջակցութիւնը Ատրպէյճանի ապահովական ոլորտին՝ այնքան ատեն որ Պաքու ակնյայտ քայլերու չէ ձեռնարկած Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ամէն տեսակի շրջափակումներու եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքի վերացման ուղղութեամբ: Եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ հրաժարած է բանաձեւի թիւ 907 բաժինը գործադրելէ: Ան տեղեկացուց, որ անիկա 600,000 տոլար խնդրած է 2022 գանձային տարուան համար՝ Ատրպէյճանը միջազգային ռազմական կրթութեամբ ապահովելու համար:
«Ես կտրականապէս դէմ եմ, որ որեւէ օգնութիւն տրամադրուի այն ուժերուն, որոնք յայտնի են պատերազմական յանցագործութիւններով եւ յարձակումով՝ դրացի պետութեան դէմ», շեշտեց Մենենտեզ:
Ան յիշեցուց տակաւին ամիսներ առաջ տարածուած տեսանիւթերուն մասին, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի ուժերը սառնասրտօրէն կը սպաննեն անզէն հայ զինուորները՝ նաեւ յիշեցնելով ատրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ հայ կին զինուորի մը նկատմամբ սեռաային ոտնձգութիւնները, մատերը եւ ոտքերը կտրելը:
Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը բացասական կերպով ազդած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան վրայ: «Առ այդ, կ՛ուզեմ, որ դուք մեզի փոխանցէք Քոնկրեսին պահանջած բոլոր մանրամասնութիւնները, որպէսզի մենք կարենանք գնահատել որեւէ օգնութիւն, զոր Միացեալ Նահանգները կը տրամադրէ Պաքուին: Ես դեռ յոյսեր ունիմ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գծով», յայտնեց Մենենտեզ՝ խնդրելով ներկաներէն լսել, թէ ի՛նչ կրնան ընել Կովկասի մէջ խաղաղութեան համար՝ յատկապէս Հայաստանի վրայ վերջին յարձակումէն ետք:
Մենենտեզ շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ մարդիկ չեն ուզեր ապրիլ բռնութեան սպառնալիքի տակ, չեն ուզեր մենատիրական կառավարում, որ իրենց կը պարտադրուի զէնքով:
«Անոնք արժանի են խաղաղ ապրելու: Անոնք արժանի են ազատութեան եւ ապահովութեան: Իսկ այդ կը նշանակէ երաշխաւորել, որ խաղաղութեան պայմանագիրը չյանգեցնէ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղային զտումներու: Այդ կը նշանակէ լուծել այնտեղի մարդասիրական ճգնաժամին պատճառաւ յառաջացած կարիքները: Այդ կը նշանակէ պատասխանատուութեան ենթարկել անոնք, որոնք կը պատուիրեն եւ կ՛իրականացնեն այն բռնութիւնները, զորս մենք տեսած ենք տարածաշրջանին մէջ», դիտել տուաւ Մենենտեզ: