ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ մահը Դաշնակցութեան երկար տարիներու անդամ եւ վեթերան գործիչ Ցոլակ Յովսէփեանի։ Ան 104 տարեկան էր։
Ընկեր Ցոլակը ծանօթ էր բոլորին, կուսակցական գործունէութեան երկար պատմութիւն ունի, սկսելով Իրաքէն, հասնելով Միացեալ Նահանգներ։ Ան արհեստով լուսանկարող էր եւ տասնամեակներու ընթացքին հայոց պատմութեան արդի ժամանակաշրջանի եւ ՀՅԴի կարեւորագոյն դէմքերուն լուսանկարները կրցած էր ամբարել։ Վերջին առաւել քան երկու տասնամեակներուն, ան կամաւորապէս ամէնօրեայ սպասարկութիւններ մատուցեց «Ասպարէզ» օրաթերթին։ Ան իր մահկանացուն կնքեց 17 Նոյեմբերին։