Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոն՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, 7-9 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ազգային Ընդհանուր ժողովը: Չորս տարին անգամ մը գումարուող կաթողիկոսութեան օրէնսդիր բարձրագոյն այս ժողովին մասնակցելու նպատակով, ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր ամսուն գումարուած Ազգային երեսփոխանական ժողովը ընտրեց 15 անդամներ եւ 3 փոխանդամներ:
Այս ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան խորհրդակցական հանդիպումի մը հրաւիրեց պատգամաւորները, որոնք առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ Թորգոմ եպիսկոպոսին հետ ծաւալեցին զրոյց մը, միասնաբար արծարծեցին շարք մը մտածումներ եւ առաջնորդ սրբազանէն ստացան անհրաժեշտ ուղղութիւններ Ընդհանուր ժողովի բնոյթին ու այլ մանրամասնութիւններու գծով՝ առ ի պատրաստութիւն մեկնելու Անթիլիաս:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը՝ առաջնորդ սրբազանով, Կրօնական ժողովով, Ազգային վարչութեամբ եւ ազգային պատգամաւորներով իր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայանպաստ եւ եկեղեցաշէն բոլոր ծրագիրներուն, նոյն ժամանակ կաթողիկոսին մաղթելով քաջառողջ, կանաչազարդ բազում տարիներ, որպէսզի ընդ երկայն աւուրս շարունակէ իր իմաստուն առաջնորդութեամբ ղեկավարել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը եւ մերազն ժողովուրդը, սիրել-յուսալով եւ ամուր-հաւատալով, որ Ազգային Ընդհանուր ժողովը կաթողիկոսութեան ու անոր բոլոր թեմերուն վերակազմակերպման նոր խթան կը հանդիսանայ եւ գործունէութեան լայն դաշտեր կը բանայ՝ յանուն համահայկական արժէքներու վերականգնման:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ