
Ատրպէյճանի բանակը Ուրբաթ օր կրակեց այս անգամ Հացի գիւղի դաշտին վրայ աշխատող քաղաքացիի մը ուղղութեամբ, կը հաղորդէ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Յարձակումին թիրախ դարձած Իգոր Աբրահամեան Մարտունիի ոստիկաններուն յայտնեց, որ հողագործութիւն կատարելու ընթացքն, յարակից ատրպէյճանական դիրքէն հրաձգային զէնքերով կրակեցին իր ուղղութեամբ: 43ամեայ տղամարդը չէ վիրաւորուած, սակայն վնասուած է անոր հողագործական մեքենան:
Հացիի գիւղապետ Սանթուր Սարգսեան այս գծով յայտնեց, թէ առնուազն մինչեւ Երկուշաբթի պարտադրուած են դադրեցնելու գիւղատնտեսական աշխատանքները։
Վերջերս, Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղին մէջ եւս գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող գիւղացի մը վիրաւորուած էր նման յարձակումի մը պատճառով, իսկ Հինգշաբթի օր հայ զինուոր մը վիրաւորուած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ատրպէյճանցիներու յարձակումի մը պատճառով։
