21 Նոյեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Իտալիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանիի հետ:
«Արմէնփրէս»ը այս մասին տեղեկացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Կողմերը անդրադարձան բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու իրականացման եւ միտքեր փոխանակեցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու վերաբերեալ: Կարեւոր նկատուեցան առեւտրական-տնտեսական կապերու խորացումը եւ ներդրումներու խրախուսումը ու մասնաւորաբար հայ-իտալական միջակառավարական յանձնաժողովի աշխատանքը:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան վերաբերող հարցերու: Միրզոյեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի ոչ-կառուցողական եւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման միտուած մօտեցումները կը վտանգեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը: Միրզոյեան եւ Թայանի քննարկեցին նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր:
Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան մասին խօսեցաւ նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Թորոսեան Լիթուանիոյ խորհրդարանի՝ Լիթուանիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ռայմունտաս Լոփատայի եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ժիքամանթաս Փաւիլիոնիսի հետ հանդիպումին ատեն՝ շեշտելով, որ առաքելութեան ժամկէտը պէտք է երկարաձգուի:
«Գործընկերներիս ուշադրութիւնը հրաւիրեցի հայ-ադրբեջանական սահմանին ծաւալուած ԵՄ դիտորդական առաքելութեանը՝ որպէս տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր ներդրուած կարեւոր մեխանիզմ (գործիքակազմ): Յատուկ շեշտեցի, որ կարիք կայ դրա ծաւալման ժամկէտների երկարացման, ինչը թոյլ կը տայ առաւել երկար ժամանակով կայունութիւն բերել տարածաշրջան, որպէսզի հնարաւոր լինի հասնել երկարատեւ խաղաղութեան՝ երկու երկրների միջեւ», գռած է Թորոսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ: