Ամերիկացի յօդուածագիր Շըրուուտ Ռոս, «Քաունթըր քարընթ» (Հոսանքին դէմ) կայքէջին վրայ իր ստորագրութիւնը կրող վերջին յօդուածին մէջ գրեց, թէ Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան յոյսերը կրնան նսեմանալ, եթէ այս վերջինը շարունակէ ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Անոր համաձայն, երբ Եւրոպական միութեան ղեկավարները Դեկտեմբեր 14-15ին Պրիւքսէլի մէջ իրենց ժողովը գումարեն եւ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը քննարկեն, անոնք մասնաւորաբար պիտի կեդրոնանան յունական Կիպրոսի դիմաց թրքական նաւահանգիստներն ու օդակայանները փակ պահելու հարցին, մինչ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն ոգիները ներկայ պիտի ըլլան՝ արգելք հանդիսանալու համար ուրացող Թուրքիոյ անդամակցութեան։ Ան նշեց, թէ Մարտ 2005ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան կոչ ուղղած էր այս գծով անաչառ ուսումնասիրութիւն կատարելու…
Ռոս յօդուածին մէջ կը յիշէ, թէ Երիտասարդ թուրքերուն յաջորդները չպատժեցին Հայկական Ցեղասպանութեան հեղինակները, իսկ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրը՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք, 1920ին նոր կառավարութիւն կազմեց եւ Լօզանի համաձայնագիրը կնքեց եւ, հետեւաբար, «Նիւ եորքըր»ի յօդուածագիր Էլիզապէթ Քոլպըրթի բառերով՝ եթէ թուրքերը ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը, անոնք ընդունած կ՚ըլլան, որ իրենց հանրապետութիւնը հիմնուած է պատերազմի ոճրագործներու ձեռքով, եւ թէ անոր գոյութիւնը կը պարտին անոնց ոճիրներուն։
Ռոս կ՚ըսէ, թէ մինչ Ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու փաստը Եւրոպական միութեան անդամակցութեան արգելք մը չէ, սակայն այդ մէկուն հերքումը մեծ արգելք մըն է եւ ատոր լաւագոյն փաստը այն է, որ մեծ թիւով եւրոպական երկիրներ շեշտած են, թէ անդամակցութեան դէմ պիտի կենան, եթէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը չճանչցուի։
Ռոս յօդուածին մէջ կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը 2000ին Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող օրէնքի նախագիծ մը քննարկած է, սակայն այս մէկուն դիմաց՝ այդ առիթով, Թուրքիա սպառնացած է Ինճիրլիքի ռազմաօդային խարիսխին գործածութիւնը արգիլել եւ մեծ արժողութեամբ ուղղաթիռներու գնումէն հրաժարիլ։ Ռոս ասոր ակնարկելով՝ կ՚ըսէ, թէ օրուան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթըն Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Տենիս Հէսթըրթին տեղեկացուցած է, թէ նախագիծին որդեգրումը ամերիկացիներու ապահովութեան կը սպառնայ, մինչ անոր յաջորդը՝ Ճորճ Պուշ շարունակած է Քլինթընի քաղաքականութիւնը՝ ամէն տարի Ապրիլ 24ին «յիշատակի օր»ը նշելով, առանց սակայն յստակ դարձնելու, թէ ճիշդ ի՛նչ կը յիշէ…
Ռոս կը նշէ Ցեղասպանութեան առաջնորդած դէպքերը եւ շեշտը կը դնէ օրին Հալէպի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին խօսքին վրայ, որուն մէջ դեսպանը նշած է, թէ տեղահանուած բնակչութեան միայն 15 առ հարիւրը ողջ մնացած է։ Ռոս լուսարձակը կը կեդրոնացնէ Թուրք պատմաբանական միութեան հրատարակած «Հայոց տեղահանութեան մանրամասնութիւնները՝ 1914-1918» խորագիրով գիրքին վրայ, որուն մէջ նշուած է, թէ հայերը պատերազմին ընթացքին տեղահանուեցան կարելի եղածին չափ լաւ պայմաններու տակ, որպէսզի անոնք թշնամի ռուսերուն չօգնեն։
Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ թրքական քրէական օրէնսագիրքի թիւ 301 յօդուածը, որուն հիման վրայ Նոպէլեան մրցանակակիր թուրք վիպագիր Օրհան Փամուք 2005ին դատարան կանչուեցաւ իր կատարած մէկ հարցազրոյցին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը նշած եւ թրքութիւնը անարգած ըլլալուն պատճառով։ Յօդուածին մէջ կը յիշուի նաեւ այլ վիպագիր մը՝ Էլիֆ Շաֆաքը, որ իր «Տը պէսթըրտ աֆ Իսթանպուլ» խորագիրով գիրքին մէջ նոյնպէս անարգած է թրքութիւնը, մինչ ամերիկաբնակ պատմաբան Թանէր Աքչամ բանտարկութենէ կրցած է «պրծիլ» հակառակ «Ամօթալի արարք մը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու թրքական պատասխանատուութեան հարցը» խորագիրով իր գիրքին հրատարակման։
Ռոս հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիա կը շարունակէ հերքել Ցեղասպանութեան փաստերը, երբ յստակ է, որ Ցեղասպանութիւնը գործած ըլլալու փաստը արգելք չի հանդիսանար ՄԱԿի անդամակցութեան եւ կամ՝ Միջազգային դրամատան հետ գործակցութեան։
Ան կ՚եզրակացնէ՝ ըսելով, որ Թուրքիա Եւրոպական միութեան անդամակցելու նոյնքան իրաւունք ունի, որքան՝ Սպանիան, Անգլիան, Պելճիքան, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը, Ֆրանսան, Չինաստանը եւ Միացեալ Նահանգները, սակայն անիկա իր անցեալի սեւ էջերը պէտք է ընդունի եւ ապա բանակցութեան նստի բոլոր այս երկիրներուն հետ։