

Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ այցելեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ իր այցելութեան աւարտին շեշտած էր, թէ շատ լաւ տպաւորուած է Քալիֆորնիոյ վարժարաններուն մէջ տիրող հայաշունչ խրախուսիչ մթնոլորտով։ Ստեփանակերտ իր վերադարձին, նախարարը դիմած էր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, որ Հանրապետութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններով մեծարէ Քալիֆորնիոյ հետեւեալ վարժարանները՝ Ռօզ եւ Ալէք Փիլիպոս, Ֆերահեան, Մեսրոպեան եւ Շամլեան Ազգային վարժարանները եւ Հայ աւետարանական Մերտինեան վարժարանը։
Նախագահը դրականօրէն ընդառաջելով նախարարին դիմումին՝շքանշանները շնորհեց նշեալ վարժարաններուն։
Յիշեցնենք, որ շրջապտոյտին ընթացքին նախարար Բաբայեանին կ՛ընկերանային կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ Գանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, որոնք նախքան Քալիֆորնիա ժամանելը մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցած էին կարգ մը քոնկրեսականներու եւ պետական պաշտօնատարներու հետ, անոնց ծանօթացնելով Արցախի տագնապին ծալքերը եւ մասնակցեցած էին շարք մը ձեռնարկներու։
Քալիֆորնիոյ մէջ, Արցախի պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովին եւ տարեկան ձեռնարկին, որոնք ի մի բերին համայնքը՝ վերանորոգելու համար Հայկական Հարցին ի նպաստ պայքարելու իրենց նուիրումը։ Տարեկան ձեռնարկին ընթացքին Բաբայեան ներկայացուց շատ տպաւորիչ բանախօսութիւն մը եւ արժանացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի հեղինակաւոր «Ազատութեան» մրցանակին։
25 Սեպտեմբերին, Բաբայեան ներկայ գտնուեցաւ Պըրպենքի Սուրբ Ղեւոնդ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին: Ապա ան հանդիպում ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ:


Նոյն օրը, նախարարը հանդիպում ունեցաւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ, քննարկելով Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի տագնապի լուծման եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց Շիֆին՝ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ունեցած բարեկամական վերաբերումին, ինչպէս նաեւ Արցախին մնայուն կերպով սատարելուն համար եւ ընդգծեց, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն քոնկրեսական Շիֆը եւ անոր պաշտօնակիցներուն անձնուէր պայքարը՝ յանուն արցախահայութեան օրինական իրաւունքներու պաշտպանութեան:
27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր գաւառին անունով գնահատագիր մը յանձնեց նախարար Բաբայեանին՝ շեշտելով գաւառին եւ Արցախի միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու կարեւորութիւնը։ Պարկըր ցաւով յիշեց, թէ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած 44օրեայ պատերազմի երկրորդ տարելիցին, դատապարտելով մեծ թիւով զոհեր խլած ատրպէյճանական բարբարոսութիւնները եւ խոստանալով զօրակցիլ Արցախի Հանրապետութեան։
Բաբայեան նաեւ այցելեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը, խորհրդակցութիւններ ունենալով Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին հետ, որ ի մի կը բերէ շրջանի գլխաւոր հայկական կազմակերպութիւնները։ Համահայկական խորհուրդը նաեւ համայնքային հանդիպում մը իրականացուց նախարարին մասնակցութեամբ։


Նախարարը այցելեց նաեւ Ռօզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնատեղին, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Շրջանային վարչութեան հետ, իսկ Մերտինեան վարժարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Բաբայեան 28 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտի Քասախեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ: Բաբայեան այս առիթով մասնակցեցաւ Մարտունի եւ Կլենտէյլ քաղաքներուն միջեւ բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութեան: Բաբայեան կարեւոր նկատեց երկու քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը՝ ընկերային-տնտեսական, մարդասիրական եւ բարոյական տեսանկիւններէն: Ան աւելցուց, որ Կլենտէյլի հետ փոխգործակցութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Մարտունիի զարգացման մէջ:
Նոյն օրը Բաբայեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ հանդէս եկաւ «Արցախի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ պետականաշինութիւնը» նիւթով դասախօսութեամբ:
Յաջորդ օրը, Բաբայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Մոնթեպելլօ: Այցելութեան սկիզբը, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ Բաբայեան յարգանքի տուրք մատուցեց Եղեռնի զոհերու յիշատակին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Բաբայեանի եւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Քիմպըրլի Էն Քոպոս-Քոթորնիի հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ:
Քննարկուեցան Մոնթեպելլօ-Արցախ փոխյարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Բաբայեան ընդգծեց, որ Արցախի մէջ կարեւոր կը նկատեն Մոնթեպելլոյի հետ փոխյարաբերութիւնները՝ այս պարունակին մէջ արժեւորելով Ստեփանակերտ-Մոնթեպելլօ քոյր քաղաքներու համաձայնագիրը, որ տարիներ շարունակ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:
Այդ օրը, պատուիրակութիւնը այցելեց Ֆերահեան Ազգային վարժարանը եւ հանդիպեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի հետ, որոնք Սաքրամենթոյի մէջ Արցախի ի նպաստ շարք մը իրագործումներու հասած են։
Այդ երեկոյ, Բաբայեան հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ շրջանի Հայ Դատի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, համայնքային ղեկավարներու եւ նուիրատուներու հետ, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ցուցաբերած նեցուկին համար։
Շրջապտոյտին վերջին օրը, պատուիրակութիւնը այցելեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանը, հիւրընկալուելով քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի եւ խորհուրդի միւս անդամներուն կողմէ։ Բաբայեան խորհուրդին դիմաց ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը՝ շեշտելով Արցախին եւ անոր ժողովրդավարական կարգերուն նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը։ Աւարտին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուց Արցախին զօրակցող բանաձեւ մը։