ՊԷՅԹ ՀԱՆՈՒՆ, Կազա, «Ռոյթըրզ».- Տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցիներ Հինգշաբթի օր մասնակցեցան 18 անզէն քաղաքացիներու յուղարկաւորութեան, վրիժառութեան կոչերու ստեղծած մթնոլորտի մը մէջ, մինչ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ «թեքնիք խանգարումի» վերագրեց պատահած ջարդը:
Մէկ օր առաջ, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծած էր Պէյթ Հանուն քաղաքի մէկ թաղամասը, թիրախ դարձնելով երեք բնակելի շէնքեր, չխնայելով նոյնիսկ հարուած ստացած շէնքերէն լեղապատառ խոյս տուող բնակիչներուն:
Պաղեստինեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի օգնականներէն Ապտուլ Հաքիմ Աուատ թաղումի ընթացքին յայտարարեց, թէ «ոճրագործ Իսրայէլը պիտի չկարենայ պարտութեան մատնել նոյնիսկ մէկ հատիկ պաղեստինցի երեխայ»: Ան շարունակեց ըսելով, որ «ակն ընդ ական» սկզբունքը ի զօրու պիտի մնայ. «Ապահովութիւն պիտի չըլլայ Աշքելոնի, Թել Աւիւի եւ Հայֆայի մէջ, մինչեւ որ Պէյթ Հանունի մեր ժողովուրդը ապահովութիւն չունենայ», ըսաւ ան:
Իսկ Օլմերթ, որ յայտնապէս նեղ կացութեան մատնուած է տեղի ունեցածին հետեւանքով, ըսաւ, թէ նախճիրը հետեւանք է իսրայէլեան հրետանիի «թեքնիք խանգարումին»: Բանակային բանբեր մը եւս մեղադրեց հրետանիի նշանառութեան սարքեը եւ ըսաւ, թէ խնդրոյ առարկայ համակարգը պիտի չգործածուի, մինչեւ որ անոր ճշգրտութեան շուրջ բացուած քննութիւնները չաւարտին:
Թաղման ընթացքին, բազմաթիւ զինեալներ, դիմակներով ծպտուած, կ’ընկերանային թաղման թափօրին: Զոհերու դիերը ծածկուած էին «Ֆաթհ» շարժումի դեղին դրօշներով:
Ապահովական այս լարուածութեան մէջ շարունակուեցան քաղաքական երկխօսութեան մասին յայտարարութիւնները: Օլմերթ եւ Ապպաս երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնեցին խօսակցութիւնները շարունակելու, սակայն վերջինը ընդգծեց, թէ ուզուածը խորքային խօսակցութիւններ են եւ ոչ թէ նկարուելու պատեհութիւն: