Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերու նախկին խորհրդական Ճան Պոլթըն ըսաւ, որ Իրանի մէջ երկու ամիսէ ի վեր պայքարող ընդդիմադիր ցուցարարները կը զինուին: Ըստ անոր՝ ընդդիմադիրները զէնք կը ստանան իրաքեան Քիւրտիստանէն:
Իրանեան «Փրես» պատկերասփիւռի կայանի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլթըն այս մասին խօսեցաւ «Պի.Պի.Սի.»ի Լոնտոնէն հեռարձակուող իրանեան ծառայութեան:
Պոլթըն, որ տարիներ շարունակ գլխաւորած է Թրամփի հակաիրանեան քաղաքականութիւնը, յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Իրանի մէջ շարունակուող բողոքի ցոյցերը, որոնք բռնկած են բանտառկութեան մէջ գտնուած երիտասարդ կնոջ մահէն ետք, պիտի յանգեցնեն «վարչակարգի փոփոխութեան»:
Ըստ Պոլթընի՝ ընդդիմադիրներու «համակարգուած ջանքերու հեռանկարը» ո՛չ միայն բողոքելն է, այլ նաեւ ուժ կիրարկելը Իրանի կառավարութեան դէմ՝ տեղ հասցնելու «պատգամ»ը, թէ իրենք այլեւս անզէն չեն եւ կրնան դիմակայել Յեղափոխական պահակագունդը:
1979ի իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր Իրանի հոգեւոր ղեկավարներու համար մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը եղող ցոյցերը առաւել քան 7 շաբաթներէ ի վեր կը շարունակուին: