Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի «շատ ուրախ է» Քաթարի մէջ իրենց հանդիպումով:
«Այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանի միջամտութեամբ եւ ջանքերով: Հանդիպումը 30էն 45 վայրկեան տեւեց», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով. «Այդ հանդիպումը լաւ էր, եւ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու կառուցման հոլովոյթը պիտի սկսի նախարարներու ժողովով»:
Էրտողան նշեց, որ եգիպտացի եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները «շատ կարեւոր են, եւ պէտք է յառաջիկայ փուլին զարգանան ու բարելաւուին»:
«Այլ կողմերու շրջան մուտք գործելը օգտակար պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:
«Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները նաեւ իրենց արտացոլացումը ունեցած են շրջանի երկիրներու մօտեցումներուն մէջ: Շրջանային համագործակցութեան առաջնահերթութիւն տուող թրքական դիրքորոշումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլ բացաւ», նախապէս յայտնած էր Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ:
Ան թրքական խորհրդարանի ամավարկի յանձնախումբին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նաեւ յայտնեց հետեւեալը. «Յարաբերութիւններու բնականոնացման համար Եգիպտոսի հետ մեր հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` երկու կողմերու հասարակաց կամքի, հասարակաց շահերու եւ փոխադարձ յարգանքի ծիրին մէջ»:
Նաեւ, «Ա․Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հաղորդեց, որ «Եգիպտոս եւ Թուրքիա յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին իրարու մօտ դարձեալ դեսպաններ պիտի նշանակեն»: