Հայկական 2006 թուականը բնորոշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 15ամեակով։ Կասկածէ վեր է, որ յաջորդ մէկ երկու տասնամեակները հայկական նորաստեղծ պետութեան ամրապնդման ու հզօրացման տարիներ պիտի ըլլան։ Ասիկա համահայկական առաջնահերթ մարտահրաւէր մըն է։
Անցած 15 տարիներու յաջողութիւններէն եղան՝
– Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը,
– Արցախի ազատագրումով եւ անկախութեան հռչակումով՝ հայութեան նորագոյն ազգային–ազատագրական պայքարի յաջող ելքը,
– Հայկական պետութիւնը յաղթահարեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ սահմաններու փակումով զինք տնտեսապէս ծունկի բերելու, քաղաքականապէս տկարացնելու, միջազգային ընտանիքէն մեկուսացնելու բարդ ու վտանգաւոր կացութիւն մը։ Շրջափակուած, բնական հարստութիւններով ոչ շատ հարուստ, քարիւղի հանքեր չունեցող, հաղորդակցութեան միջոցներու առումով ծովային ելք չունեցող, անկախ Հայաստանն ու տէ ֆաքթօ իրաւավիճակով Արցախի հայութիւնը փաստօրէն յաղթահարեցին աշխարհագրական «տեթերմինիզմ» մը։ Աւելի՛ն, այդ պայմաններուն մէջ Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգացաւ, տարուէ տարի երկրի համախառն ներքին արտադրութիւնը աճ արձանագրեց։
– Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները ճշդուեցան։
– Սերտացաւ Հայաստանի կապը եւրոպական կառոյցներու եւ Եւրոպական միութեան հետ։
– Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգայնացումի գործունէութիւնը յաջողութիւններ արձանագրեց Սփիւռքի եւ Հայաստանի համատեղ գործակցութեամբ։
– Նոյնպէս, յատկապէս 1998էն ետք, Սփիւռք–Հայաստան յարաբերութիւնները դարձան բնականոն եւ հայութեան երկու հատուածներուն միջեւ գործակցութիւնը զարգացաւ, միասնականութիւնը ամրապնդուեցաւ։
Այս յաղթանակներով ու յաջողութիւններով 15ամեակի անկախութեան տարեդարձը կարեւոր հանգրուան մը կը նշէ։
Այս նուաճումները ուղենշային կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հայութեան համար։ Պէտք է զարգացնել զանոնք։ Շարունակել կը նշանակէ առաջ անցնիլ։ Առաջ անցնելու համար պէտք է ունենալ համազգային տեսիլ, լուսամիտ եւ ժողովրդանուէր ղեկավարութիւն, եւ ձեւաւորել համահայկական ուժ։
Կասկածէ վեր է, որ հայութիւնն ու Հայաստանը կը դիմագրաւեն նաեւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ։
ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻ ՄԱՍԻՆ
Շարունակական աղէտներու պատճառով, պետականութեան կորուստով եւ յատկապէս Ցեղասպանութեամբ, հայ ազգի օրինաչափ ու կարգաւորուած զարգացումը խարխլած է դարերէ ի վեր։ Հայ ազգը առաջնորդուած է ու առաւելապէս կ’առաջնորդուի ունեցածը չկորսցնելու մտահոգութեամբ։ Այդ մտահոգութեամբ ալ քիչ մը ամէն բնագաւառի մէջ աւանդական մտածողութիւնն ու գործելակերպը նկատուած են ինքնապաշտպանութեան լաւագոյն միջոցներ։ Այս պարագան հարուածահար ազգի մը համար կարելի է բնական երեւոյթ համարել։
Հայկական երկճիւղ կեցութիւնը (Երկիր–Արտերկիր) կը շարունակէ անփոփոխ մնալ։ Հայաստանաբնակ հայն ու սփիւռքահայը ունին հաւաքական կենցաղի եւ հոգեբանութեան որոշ տարբերութիւնններ։ Սփիւռքը կը յատկանշուի իր բազմազանութեամբ։ Ամէն գաղութ ունի իր տեղայնական հարցերը, իւրայատուկ պայմաններն ու գործունէութեան այլազան կարելիութիւնները։ Նոյն ատեն սակայն, իւրաքանչիւր գաղութ մէկ միաւորը կը կազմէ հայութեան ամբողջականութեան ու տեղական գործունէութիւնները միայն գաղութ պահելու համար չեն, այլեւ կը ծառայեն հայ ազգի հաւաքական ամբողջականութիւնը ամրապնդելու, եւ այդպիսով ալ՝ համազգային նպատակներու։ Համահայկական մարտահրաւէրներու հանդէպ հայութեան իւրաքանչիւր միաւոր կրնայ ունենալ համազգային դիտանկիւն ու կեցուածք։
Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Սփիւռքի տինամիք ու կազմակերպուած գործունէութեամբ, Հայաստանի անկախութեամբ, Արցախի յաղթանակով, բաւական բան դրականապէս փոխուած է ազգային իրականութեան մէջ։ 21րդ դարու սկիզբը հայութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ յաղթական ազգ–պետութիւն, որ ունի արդարութեան պահանջ։
Պատմական պայմաններուն բերումով յառաջ եկած հայ ազգի հատուածներուն միջեւ առկայ տարբերութիւնները բնական են եւ զանոնք պէտք չէ ընդունիլ իբրեւ ազգը տարանջատող գործօններ. ընդհակառա՛կը, տարբերութիւնը ինքնին իւրայատկութիւն է, ինչ որ դրական արժէք է։ Այս մօտեցումով ալ պէտք է ընդունիլ ազգի միաւորներուն միջեւ եղած տարբերութիւնները, հասարակաց եզրերու վրայ զանոնք համադրել եւ համահայկական ուժ ձեւաւորել։
Համազգային վերականգնումը, որուն մէջ կը գտնուինք ազգովին, միայն հին վէրքերը դարմանելու, խոր ճեղքերը փակելու, ճերմակ էջեր լեցնելու համար չէ, այլեւ համահայկական ամբողջական ուժի վերածուելու նպատակը կը հետապնդէ։ Նպատակային այդ ճամբուն վրայ, ինչքան ալ տարօրինակ թուի, անհրաժեշտ է մշակել ազգային համագոյակցութեան տեսութիւն՝ գործնական կշիռ տալով «Ամբողջական հայութիւն» բանաձեւումին, որ քաղաքական բովանդակութեամբ հնչեղ ու հեռապատկերային է։ Ներկայիս կ’օգտագործուի «Մէկ ազգ» (նոյնպէս՝ «Մէկ մշակոյթ», եւայլն) կարգախօսը։ Ամէնուրեք եւ ամէն առիթով հնչող «Մէկ»ի կարգախօսները ազգի ներկայ պայմաններուն մէջ շատ բան կորսնցուցած են իրենց նախկին թելադրականութենէն, երբ 1988էն ի վեր հայութիւնը բազմաթիւ անգամ փաստը տուած է իր անբաժանելիութեան՝ գործնական գետնի վրայ։ Աւելի՛ն, յաճախ մոռացութեան կը տրուի այն իրականութիւնը, որ, Հայաստանի նոր սերունդին նման Սփիւռքի նորահաս սերունդը նոյնպէս անկախութեան սերունդ է, որ իր նախորդներուն հակառակ եւ, բարեբախտաբար, նախկին երկբեւեռ աշխարհի պարտադրանքով առաջ եկած ու երկար տեւած հայկական դառն ճեղքուածութեան պայմաններու մէջ չի գտնուիր։ Այդ պատճառով ալ անոր համար անբացատրելի է ու ականջին խորթ կը հնչէ «Մէկ ազգ» կարգախօսը։ Հայ նոր սերունդը պարզօրէն կը տրամաբանէ, թէ մէկ հայ ազգ կայ (ինչպէս է բոլոր ազգերու պարգային) եւ բոլոր հայերը, անկախ անկէ թէ կը բնակին Հայաստան, Միջին Արեւելք, Ամերիկա, բնականաբար հա՛յ ազգին կը պատկանին, եւ ազգ մը չի կրնար երկու մշակոյթ ունենալ։
Ազգային կեցութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները (Հայաստանի անկախացում, Արցախի յաղթանակ, Հայ Դատի իրագործումներ, եւայլն) անհրաժեշտ պահանջը կը դնեն համահայկական արդիականացման։ Արդիականութիւն՝ մտածելակերպի, մօտեցումի, գործելաոճի, միասնական կեցուածքի եւ առաջնորդող հեռապատկերի։ Այս առումով, Հայաստանի կառավարութեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Սփիւռքի եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային կազմակերպութիւններու ու միութիւններու համազգային ծիր ու շեշտ ունեցող նախաձեռնութիւններն ու գործունէութիւնները ազգային արդիականացման մը պահանջին գնահատելի դրսեւորումներն են։ Վստահաբար, ժամանակին հետ ականատես պիտի դառնանք ա՛լ աւելի ընդգրկուն եւ արդիւնաւէտ նախաձեռնութիւններու։
Ազգային կեցութեան կարելիութիւններուն եւ ազգային հեռապատկերներուն հիման վրայ արդիականացման նպատակը արդիակա՛ն հայ մարդու ստեղծումը ըլլալու է։
Ազգերու ընտանիքին մաս կը կազմենք եւ բնականաբար ու անհրաժեշտօրէն արդիական աշխարհի հետ քայլ պահելու ենք իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, զուգահեռաբար մեր արժէքները միջազգային հանրութեան ծանօթացնելով։
Հաղորդակցութեան արդիական միջոցներու շնորհիւ միջմշակութային եւ միջպետական կապերը ոչ մէկ դարուն այնքան ուժեղ եղած են, ինչպէս մեր ժամանակներուն։ 19րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսած յառաջդիմութիւնը կը պատկերացուէր իբրեւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու համարկում՝ համամարդկային միասնական մշակոյթի ուղղութեամբ։ Թոյնպիի տեսակէտով, այդ համարկումը պիտի իրակականայ Արեւմուտքի մշակոյթի հիման վրայ։ Մշակոյթներու միջեւ սահմանագիծեր չկան, սակայն ժողովուրդները կ’ապրին իրե՛նց մշակոյթով։ Ներկայիս ալ արեւմտականացումը յառաջդիմութեան չափանիշ կը նկատուի։ Համաշխարհայնացումի այս դարուն մէջ ալ, հաւատարիմ ազգային պատմական փորձին եւ ընթացքին, հայ ազգի կողմէ մշակութային թէ քաղաքական արժէքներու ու որեւէ նորարարութեան ընկալումն ու արտոցալացումը ազգային–պետական կեանքի մէջ, միջնորդուած ըլլալու են ազգային արժեչափերով, այլապէս վտանգաւոր կրնան ըլլալ հայ ազգին համար։
2007ին, ամբողջ տարուան ընթացքին, մշակոյթի մեծ կեդրոն Ֆրանսան ակնդիր ու ունկնդիր պիտի դառնայ հայկական նիւթական եւ գրաւոր մշակութային արժէքներուն։
Ֆրանսացիներուն առաջին տպաւորութիւննները հիացական են։ Մեր մշակոյթը օտարներուն ծանօթացնելու գործը եւս հնաւանդ ու մշտանորոգ մարտահրաւէր մըն է։
ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻ ՄԱՍԻՆ
Առջնահերթ մարտահրաւէր մըն է ազգային դաստիարակութիւնը։ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումն ու զարգացումը, ազգային նպատակներու հետապնդումը սերունդներու աշխատանքի կը կարօտի։ Սփիւռքի գոյատեւումն ու անոր կառոյցներուն պահպանումն ու գործունէութիւնը նոյնպէս պայմանաւորուած է իրերայաջորդ հայ սերունդներով։ Այնպէս որ, ազգային դաստիարակութիւնը սերտօրէն կ’առնչուի ազգային ապահովութեան։
Աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց եւ ազգային ներկայ իրականութիւնը նկատի առած, նոր սերունդին հետ վարուելակերպի նոր մօտեցում մշակուելու է։ Դաստիարակչական արդիական մեթոտներու օգտագործում, աւանդական արժէքները արդիական միջոցներով փոխանցելու ծրագիրներու մշակում եւ գործնականացում, քննադատական մտածողութեան եւ ինքնուրոյն ընկալումի ունակութեան զարգացում, աշխարհն ու անոր հարցերը ՀԱՅՕՐԷ՛Ն դիտելու ու դիմակայելու մօտեցում, հայկական մտածելակերպի վարժեցում, ազգային նկարագրի բնորոշիչներու ծանօթացում ու բարքի կերտում, ասոնք կրնան ըլլալ բաղադրիչները արդիական դաստիարակութեան՝ կիրառելի վարժարաններու եւ միութենական շրջանակի մէջ։ Հաւաքական դաստիարակութեան հիմնական այս երկու միջավայրերուն մէջ (ինչ կը վերաբերի յատկապէս Սփիւռքին) հայեցի ու մարդակեդրոն դաստիարակութիւնը ըլլալու է ամէն պարագայի ոչ–կարգախօսային եւ անհրաժեշտաբար արդիական։
Մանաւանդ արեւմտեան սպառողական մշակոյթի համահարթեցուցիչ յորձանուտին մէջ, շատ կարեւոր է, որ հայ նոր սերունդը իր պատմական անցեալին եւ մշակութային արժէքներու խոր ճանաչողութիւնը ունենայ, որպէսզի ազգային գիտելիքի վրայ ձեւաւորէ իր համոզումներն ու ինքնաճանաչումը եւ դառնայ գործօն տարր ազգային կեանքի մէջ։
Ազգային դաստիարակութիւնը ինքնաբերարաբար կ’ենթադրէ ինքնութեան ճանաչում։ Ազգային դաստիարակութեան ընդհանուր առմամբ տրուելու է հայրենակեդրոն ուղղուածութիւն։ Պէտք է ընդունիլ, որ շատ մը գաղութներու մէջ հայանիւթ դասագիրքերը, միութենական շրջանակի համար նախատեսուած դաստիարակչական նիւթերը, միշտ չէ, որ բաւարար չափով գոհացուցիչ են մշակոյթի միջոցով, գիտելիքին ու գեղեցիկին կողքին ազգային հեռապատկեր փոխանցելու տեսակէտէն։
Հայրենի եւ Սփիւռքի նոր սերունդը իրարու կապելու առումով քաջալերելի երեւոյթ է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բանակումները։ Բայց հարկ է մտածել նաեւ այլ գործնական ձեւերու մասին։ Համացանցի օգտագործումը, նպատակայարմար ծրագիրի պատրաստութեամբ, կրնայ միջոց մը ըլլալ։
Հայ աշակերտն ու պատանին մակերեսային ծանօթութիւն ունին Հայկ. Ցեղասպանութեան մասին։ Պէտք չէ՞ մտածել արդեօք հայկական վարժարաններու մէջ այդ նիւթը դասաւանդելու մասին (այն երկիրներու մէջ, որ չի դասաւանդուիր)։ Սփիւռքի հայկական վարժարաններու մէջ օգտագործուած հայոց պատմութեան դասագիրքերու պարագան նկատողութեան առնելիք այլ հարց մըն է։ Պատկան մարմիններ ի՞նչ կը մտածեն հայոց պատմութեան նոր դասագիրքեր պատրաստելու մասին։ Կը զգա՞ն ատոր անհրաժեշտութիւնը։
Սփիւռքի հաստատութենական կառուցուածքը յաջողած մեքանիզմ մըն է, բայց պէտք ունի վերարժեւորման, այն առումով, որ ներգրաւէ ու գործունէութեան մղէ նոր սերունդը։ Բարեբախութիւն է, որ արդիական շքեղ կառույցներով օժտուած են գրեթէ սփիւռքեան բոլոր կառոյցները։ Հակառակ այս իրականութեան, քիչ մը ամէն տեղ նկատելի է, որ երիտասարդութեան զգալի թիւ մը հեռու կը մնայ հայկական կառոյցներէն ու անոնց գործունէութիւններուն մասնակցութիւն բերելէ։ Հայկական կառոյցներուն միջավայրը այնքան ալ չի գոհացներ նոր սերունդին հետաքրքրութիւնները։ Երիտասարդները յաճախ հեռու կը մնան ոչ անոր համար, որ իրենց կը պակսի ինքնութեան, ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւնը, այլ այն պատճառով, որ յաճախ հեռապատկեր չեն տեսներ, միութենական աշխատանքները զանոնք չեն բաւարարեր։ Անոնք կը փնտռեն նոր մտածողութիւն, լայն հորիզոն, արդիական գործելաոճ։
Հետզհետէ կը նօսրանայ արեւմտահայերէնի իմացութիւնը ունեցողներուն թիւը։ Նոյնիսկ հայախօս գաղութներու մէջ կը նահանջէ լեզուն՝ մեծ համեմատութեամբ։ Նոր սերունդը արեւմտահայերէնի լեզուամտածողութիւնը տակաւ առ տակաւ կը կորսնցնէ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուններու տիրապետող ազդեցութեան հետեւանքով։ Տակաւին Սփիւռքի կազմաւորումի օրերուն, Շահնուր ահազանգ կը հնչեցնէր, թէ՝ «Կը նահանջէ լեզուն…»։ Լեզու մը կենդանի է, երբ կը կիրարկուի բանաւոր կերպով։ Հայերէն մամուլ կը հրատարակուի, գիրքեր կը տպուին, եւ այս իրականութիւնը պիտի շարունակուի։ Հարցը հայախօսութեան նահանջն է։
Ցեղասպանութենէն վերապրած ժառանգութիւնը՝ հայրենական արեւմտահայերէնը սփիւռքահայուն լեզուն է։ Արեւմտահայերէնով պիտի շարունակէ գրել ու արտայայտուիլ սփիւռքահայը։ Հայաստաբնակ հայը այդ լեզուով (գրաւոր թէ բանաւոր) պիտի չարտայայտուի, անհրաժեշտութիւնն ալ չունի։ Քաջալերելի ըլլալով հանդերձ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու նախաձեռնութիւնները՝ արեւմտահայերէնը խորացուած ձեւով ուսուցանելու, գործը առաւելաբար Սփիւռքի պարտաւորութիւնն է։ Առաջին հերթին սկսիլ պատանեկան տարիքէն։ Այս տեսակէտէն ուրախալի երեւոյթներ կան։ Այդպիսին են «ԱԶԴԱԿ»ի հրատարակութիւն «ՊԶՏԻԿ–ՄԶՏԻԿ»ին «Անսխալ գրենք» ծրագիրը։ (Լաւ պիտի ըլլայ այս ծրագիրը կազմակերպել այլ գաղութներու մէջ)։ «Համազգային»ը վերջերս աւելի հանգամանօրէն յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ ու զարկ կու տայ մանկա–պատանեկան գրականութեան հրատարակման։
Արեւմտահայերէնի պաշտանութիւնը հայ մշակոյթի պաշտպանութիւն է, մեծ եւ պատասխանատու մարտահրաւէր մըն է։ Հայակերտումը պայամանաւորուած է ազգային դաստիարակութեամբ եւ, առաջին հերթին, հա՛յ դպրոցի ու մայրենի լեզուի միջոցով։
Անցեալի փորձը ապագայի լաւագոյն ուղեցոյցն է։ Աշխարհագրական իր ցրուածութեամբ Սփիւռքը 90 տարիներէ ի վեր կը գոյատեւէ աշխարհաքաղաքական տարբեր միջավայրերու մէջ։ Եւ հակառակ այդ իրականութեան ու հակառակ ձուլումի յորձանքին, յաջողած է պահպանել ազգային ինքնութիւն։ Աւելին, հետապնդած է ազգային դատ, պահպանած ու զարգացուցած է հայկական մշակոյթը։ Համաշխարհայնացումի այս դարուն՝ հաղորդակցութեան արդիական կարելիութիւններու շնորհիւ այդ աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ ձեւով առաջ կը տարուին։ Գաղութներուն միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ եւ Հայաստանի հետ կապերը կ’ամրապնդուին։
ՄԻæԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻ ՄԱՍԻՆ
Առաւելապէս արտաքին միջամտութիւններու հետեւանքով, ներկայիս Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւէ տագապի նոր հանգրուան մը։ Շրջանի հայութիւնը միշտ ալ օրինապահ քաղաքացին եղած է իր բնակած երկիրներուն եւ նախանձախնդիր եղած է ու կը մնայ անոնց անկախութեան, գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան։ Հայութիւնը իբրեւ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, ինչպէս մինչեւ հիմա, ներկայիս ալ քաղաքացիական արիութեամբ կրնայ դիմագրաւել այս հանգրուանի դժուարութիւնները։ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի հայկական գաղութները կը յատկանշուին հայահոծ խարիսխով, հայեցի կենսունակ առօրեայով, հայաստանամերձ աշխարհագրական դիրքով, եւ այդ իւրայատկութիւններով ալ յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի համար։ Այնպէս որ, համազգային շահերու դիտանկիւնէն Հայաստանի եւ Սփիւռքի աւելի հեռաւոր գաղութներուն զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն՝ ազգային նուիրական պարտականութիւն է։ Վերջին օրինակը, «Լինսի» հիմնադրամի Լիբանանի հայկական դպրոցներուն նիւթապէս նեցուկ կանգնելու առաքելութիւնը այդ ծիրին մէջ կ’իյնայ։
Ներկայիս շատ կը խօսուի քաղաքակրթութիւններու բախման, կրօններու հակադրութեան մասին։ Միջին Արեւելքը հինէն ի վեր կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու ներդաշնակ գոյակցութեան եւ գործակցութեան իւրայատուկ միջավայր մը եղած է՝ կեդրոն ունենալով յատկապէս Լիբանանը։ Շրջանի հայութիւնը, իր հաւաքական ներկայութեամբ, շինարար ու ստեղածագործող գործունէութեամբ, աշխարհիկ եւ կրօնական հաստատութիւններով մէկ փաստն է այդ ճշմարտութեան։ Այս հանգրուանին եւս հայութիւնը տարբեր առիթներով եւ տարբեր ձեւերով կը վկայէ այդ մասին։ Այդ տեսակէտէն յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր ծաւալած միջեղեցական ու միջկրօնական գործունէութեամբ։
Աւելի՛ն. հայ–արաբական բարեկամութեան աշխարհագրական շրջագիծը կ’ընդլայնի ու կ’ամրապնդուի. արաբական երկիրներու մէջ հայկական գաղութներու աշխարհագրական ցանցը կ’ընդարձակուի նոր գաղութներու կազմութեամբ, անոնց ինքնահաստատումով։
Ակնյայտ է, թէ վերջերս Թուրքիա սկսած է Միջին Արեւելքի մէջ յառաջապահ դիրք գրաւել։ Այս առումով, Միջին Արեւելքի մէջ Հայ Դատի քարոզչական աշխատանքները կը պահանջեն բացառիկ ճկունութիւն ու աչալուրջ հետեւողականութիւն, ի հարկին նաեւ քաղաքացիական յանդգնութիւն, ինչպէս ցոյց տուաւ լիբանանահայութիւնը, երբ ընդդիմացաւ հարաւային Լիբանանի մէջ Ֆիւնիւլի («Ա.».- Լիբանանի հարաւը տեղադրուած ՄԱԿի ուժեր) միջազգային ուժերուն թրքական զօրամասերու մաս կազմելուն։
(Վերջը յաջորդով)