ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայը ազգը, կը յիշէ՞ք նախորդ յօդուածս, վկայ էր աշխարհի արարման, երկնի եւ երկնքի երկունքին, մեծ ջրհեղեղին, մարդու երկրորդ բնակութեան աշխարհի վրայ, ապա, որպէս բարեպաշտ ազգ՝ խաչելութեան մը, յարութեան մը եւ իր զաւակներու նահատակութեան՝ այդ վկայութեան անուրաց մնալու համար: «Վկայ» բառը, համեստ բառ մը լոկ, մեծ ու ճշմարիտ ականատեսն էր հայոց պատմութեան յիշեալ դրուագներուն: Վկանե՞րն անոր… Մեր մատեաններուն մէջ, շրթունքներուն վրայ պահած աղօթքներն ու տաղերը, երգերն ու պարերը, ուր կը շարունակեն հնչել «վկայութիւն», «նախավկայ», «վկայարան» բառերը, «արդար վկայ», «ճշմարիտ վկայ», «հաւատարիմ վկայ» արտայայտութիւնները: Հեռաւոր անցեալի պատմութեան մէջ եղան նաեւ օրեր, երբ հայ կտրիճը եւ իր եարը, գարնան զուարթուն օր մը, Աստուած վկայ, հացը վկայ, կարմիր խնձորը վկայ, սիրոյ ջերմ խօսքեր փոխանակեր էին «պաղչայի» մէջ: Այդ պաղչա՛ն վկայ: Իսկ այսօր, ինչպէս խոստացած էի, կը վկայակոչեմ մօտիկ անցեալի՝ նախորդ հարիւր տարիներու ընտիր գրական վկայութիւնները, որպէսզի դուք կասկած չունենաք, թէ հայը կը շարունակէ վկան ըլլալ աշխարհի սիրոյ եւ ողբերգութեան մեծ պատմութեան:
ԵԶԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Աշխարհի վրայ կա՞յ ազգ մը, որ իբրեւ վկայ դաշտի վրայ վստահած ըլլայ իր եզան եւ զոմէշին: Այդ խորհրդաւոր արարողութիւնը 1894 թուականին «Պապիկ եւ Թոռնիկ» աշխատասիրութեան մէջ նկարագրեց Խրիմեան Հայրիկ: Ան մեզի բացատրեց, թէ Խաչը եւ Աւետարանը կատարեալ պսակի համար բաւական չեն հայ փեսայի համար. պապիկը զայն պէտք է որ տանի դաշտ, գլխուն դնէ «ցորենաբոյսի ցողուններէ հիւսուած գեղեցիկ պսակ» ու կրկին պսակէ գութանի եւ հողագործութեան հետ. «…Թող վկայ լինին մեր մշակներ, հօտաղներ եւ մեր լծական գօմշուկներ եւ եզներ»: Մշակի աշխատանքը, աւա՜ղ, արիւնով պսակուեցաւ: Նոյն տարին, երբ արտին մէջ երգելով կ՛աշխատէր մշակը, Դանիէլ Վարուժանի գրիչը վկայ՝ վրայ հասաւ ողբերգութիւնը. «Երբ արտին մէջ երգելով, / Խաղա՛ղ հոգի, կ՛աշխատէր, / Սպաննեցին: Տարին եզները ջուխտակ: / Վկայ չկար: Պիտի վրէժն ո՞վ կշռէ. Դո՛ւ, / Ո՛վ շանթ»: Այդ կսկիծը, այդ ցաւը տանջեց նաեւ Սիամանթոյին: Ակնցին մրմնջեց. «Գիշերն ունիմ մորմոքումիս միայն վկայ»: Մորմոքի երրորդ վկան էր Ռուբէն Զարդարեանը: Հարցաքննութիւններու ժամանակ ոստիկանատան մէջ յայտնուած սուտ վկաները, երբ Զարդարեանին «լքում, յուսահատութիւն եւ անկարողութիւն» կրնային պատճառել, հեղինակը որոշեց վկաներու մասին երկասիրութիւն մը գրի առնել ու զայն կոչել «Վկային դէմ», որպէսզի արդար մարդը «վրիժառութեան, ոխակալութեան դրդումներով եկած» վկաներու դէմ ինքզինք կարենայ պաշտպանել: Այս յօդուածը լի է օգտաշատ միտքերով: Ահա քանի մը խրատ-տողիկ. «Վկան կրնայ շփոթեցնել քեզ», «Վկան՝ կարծածիդ չափ արժէք չունի», «Վկան չի կրնար քեզի վնասել», «Վկայութիւն մը կարելի է հերքել՝ հակասութիւններ գտնելով անոր մէջ», «Վկային անձը կասկածի տակ ձգես, այսինքն ցոյց տաս թէ անիկա դիտումնաւոր նպատակով, թշնամական տրամադրութեամբ եկած է քեզի դէմ վկայելու», ու վերջապէս՝ «Վկան թշնամի ցոյց տալ քեզի… Կարեւորը այն է, որ յայտարարես, թէ անիկա թշնամի մըն է քեզի»:
ՔՆԱՐԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վերոյիշեալ եռեակի վկայած ողբերգութեան նախօրեակին, սակայն, երազ էր, ու հայ բանաստեղծը կ՛երգէր սիրոյ երգը: Անոր քնարն է վկայ: Ռուբէն Սեւակ, անտեղեակ, թէ տարի մը յետոյ վերոյիշեալ իր գրչընկերներու ճակատագիրին բաժնեկիցը պիտի դառնար, 1914ին գրեց սիրալիր տողիկներ. «Կ՛անէանայ նաւն հեռակայ, / Լիճն երազ մ՛է, կայ ու չկայ. / Ջուրի շշունջն է լոկ վկայ»: Օր մը Սեւակ խօսեցաւ իր մտերիմ սրինգին հետ. անիկա էր քերթողին հաւատարիմ սրտակիցը, իր ցաւերուն անխօս վկան. «Եկուր պատմեմ քեզ մեկուսի, / Գաղտնի, ահեղ սէր մը սրինգ, / Որ տակաւին մէկուն չըսի… / Երթանք կապոյտ սարն հեռակայ, / Մարդերէն վեր, աստղերուն տակ, / Մեր լացին լոկ սէրը վկայ»: 1907ին բանաստեղծը մեզի բացատրեց, թէ կարապներն են սիրոյ պատկերը երկրի վրայ, իսկ երկի՜նքը… «Աւելի՛ վեր, / Երկինք կանգներ է վկայ»: Սիրով այրած մէկ այլ սիրտ էր Մատթէոս Զարիֆեան, գեղապաշտ շրջանի վերջին քերթողը. «Ահ, սէ՜ր էր – լոյսը վկայ -, / Զի երբ կուրծքին վրայ ինկայ, / Տեսայ թէ հոն հրդեհ կայ»:
ՎԵՐՆԱԳԻՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայկական գրատպութիւնը, 1749 թուականէն սկսեալ, վկայ եղաւ «վկայ» բառի յայտնութեան՝ որպէս գիրքի անուն: Այդ գիրքերու նախավկան Գեւորգ Մխլայիմի հեղինակած «Վկայութիւնք հայրապետաց յաղագս միոյ բնութեանն Քրիստոսի» երկն է:
Գիտենք, թէ գիրքը լոյս տեսած է 1749 կամ 1750 թուականին, սակայն ո՛չ մէկ վկայութիւն՝ անոր տպագրատան կամ տպագրութեան վայրի մասին: Այս գիրքի հրատարակութենէն քաջալերուած՝ այլ հրատարակութիւններ եկան իրենց վկայութիւնը բերելու. «Վկայաբանութիւն սբյ. Կուսին Մարիանեայ»՝ Կ. Պոլիս, 1803, «Վկայաբանութիւն Սրբոյն Սանդխտոյ ՛ի պետս աշակերտաց Սուրբ Սանդուխտ դպրոցի»՝ Կալկաթա, 1847, «Վկայաբանութիւն Սրբոյն Շուշանկան դստեր Մեծին Վարդանայ»՝ Վենետիկ, 1853, «Հայոց նոր վկաները»՝ Վաղարշապատ, 1902: Յարգելի ընթերցող, եթէ դուք կը փափաքէիք, որ գիրքի հեղինակ մը կոչուէր «վկայ», ձեռք պէտք է բերէք 1751ին Վենետիկի մէջ լոյս տեսած «Պատմութիւն վարուց Յօհաննու Ոսկեբերանի» աշխատասիրութիւնը, որուն հեղինակն է Գրիգոր Վկայասէր (…-1102): Իսկ եթէ վստահելի վկայ կը փնտռէք հայկական առածներուն մէջ, ապա ձեզի կը յանձնարարեմ ընթերցել Երեւանի մէջ 2013ին լոյս տեսած «Առածների ժողովածու – Հայկական առածներ եւ ասացուածքներ» գիրքը: Այդ թանկագին ուսումնասիրութեան մէջ դուք կը գտնէք հետեւեալ իմաստուն խրատը. «Աղուէսի վկան իր պոչն է»:
Է ՎԿԱՅ
Հայկական գրականութեան արեւելեան ճիւղը 1922 թուականին վկայ կ՛ըլլայ աննախընթաց երեւոյթի մը: ՀՍՍՀ Լուսժողկոմը (Լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիսարիատ) 4 Մարտին կը հաւատայ, թէ հայերէնի ուղղագրութեան մէջ չորրորդի վկայութեան պէտք չկայ, ու բաւ է երեքը: Դատաւորին գո՞րծը դիւրանայ: Ժողովուրդը կը զարմանայ: Մտաւորականութիւնը կ՛ողբայ: Բայց աւաղ, մեր հաւատարիմ ու ճշմարիտ բառը՝ «վկայ»ն, հրաժեշտ կու տայ իր 1500 տարուան «յ» տառին, կ՛օտարանայ ու կ՛ըլլայ «վկա»: Այնուհետեւ, հայրենի գրիչը, խորհրդահայ հսկայ գրականութիւնը վկայ, կը դառնայ հայկական կեանքի լոկ 3/4ի վկայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Խորհրդային շրջանի գրականութեան մէջ «վկայ» բառը յարմար եկաւ իմաստասիրելու եւ հայաշունչ վկայութիւններ գրի առնելու համար: Լուսժողկոմի որոշումին ստեղծած կսկիծով, Յովհաննէս Թումանեան նամակ մը ուղարկեց: Աւա՜ղ, Թումանեան տարի մը ետք մահացաւ՝ առանց գիտնալու, թէ ինչպիսի արդիւնք պիտի տար իր նամակը: Աւելի կարեւոր է, սակայն, Ամենայն հայոց բանաստեղծին հետեւեալ խօսքը՝ քան այդ նամակը. «Հայկական էպոսը հայ ցեղի ապրած կեանքի ու հոգեկան կարողութիւնների հոյակապ գանձարանն է ու իր մեծութեան անհերքելի վկայութիւնը աշխարհին առջեւ»: Սուտ վկայութիւններու մեքենայութեամբ երկու անգամ ձերբակալուած, բանտարկուած, աքսորուած, մահէն մազապուրծ փրկուած Գուրգէն Աճէմեանը, որ որդեգրած էր Մահարի մականունը, գրեց. «Մահից ես չեմ վախենում, / Իմ անունը՝ վկայ»: Պարոյր Սեւակ ձեռնարկեց հայոց համառօտ պատմութիւնը գրի առնել. «Երկնքից առկախ մի լեռնակղզի՝ Հայաստան Աշխարհ: / Դո՛ւք վկայ չեղաք, ե՜ս եղայ վկայ (…) / Եւ ես, որ եղայ տարաբախտ վկան լացիդ ու կոծիդ / որ վկան եղայ սոսկումիդ ահեղ / որ վկան եղայ ցասումիդ նաեւ, / բայց նաեւ վկան, բախտաւո՜ր վկան՝ / նահատակներիդ վերածննդ»ջ: Գեւորգ Էմին զարմանքով նկատեց, թէ հայը կէս ազգ է՝ «երկճեղքուած, կիսուած, երկգագաթ» ու շարունակեց. «Վկա՛յ ճեղքուած Մասիս լեռը մեր»:
ԱԼԵՀԵՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պոլսոյ մէջ բանաստեղծ Զահրատը, որ իր ընկերային շրջանակին մէջ յայտնի էր «աղուէս» մակդիրով (հետեւաբար, ըստ հայկական առածի՝ իր վկայութիւնները վստահելի չե՞ն), «Խմբանկար» բանաստեղծութեան մէջ հաստատեց, թէ ի՛նչ է մարդու անցած տարիներուն եւ հին փառքերուն վկան. «Ճերմկած մազեր / Ճերմակ գլուխներ… / Դուք ականատես վկաներ մեր հին / Հինցած փառքերուն»:
ԵՂԱՆԱԿԱՒՈՐ ՎԿԱՆԵՐ
Հայկական երգարուեստին մէջ հազուագիւտ է լսել «վկայ» մը սիրոյ, կարօտի, «հայ կտրիճի», կամ՝ «Աշխէնի եւ Անտօնի»: Այսօր, երբ մենք՝ երկճեղքուած ազգս հայոց եւ անոր «Երկնքից առկախ լեռնակղզի» բնաշխարհը, վկան կ՛ըլլանք մեծ դէպքերու. Եռաբլուրը անմարմնականներու մէջ դասաւորուած քաջորդիներու նոր վկայարան մըն է. կը փափաքիմ նախ վկայակոչել «Արդեօք որքե՞ր են» երգը, ուր լեռն է վկան կտրիճներու խիզախութեան. «Արդեօք ովքե՞ր են հէ՛յ, ինչ կտրիճներ են, / Մասիսը վկայ՝ հայոց քաջերն են»: Իսկ, յարգելի ընթերցող, այսօր ձեզի հրաժեշտ կու տամ Պոլսոյ «Սայաթ Նովա» երգչախումբին կողմէ կատարուած ու արձանագրուած մէկ այլ հազուագիւտ երգով՝ «Թալիշու ճամփէն դուզ ա»: Սա Կոմիտաս վարդապետին կողմէ գրի առնուած ուրախ պարերգ է՝ երկու սիրահարներու՝ Աշխէնի ու Անտօնի մասին.
«Ինձ պէս աղջիկ քեզի հետ,
Եար աման, աման, աման, աման, էյ,
Ույ աման, աման էյ, ույ աման.
Հոգիս վկայ՝ լաւ կը սազայ»:
Մինչեւ յաջորդ յօդուածի հրատարակութիւնը, հեռու մնացէք սուտ վկաներէ, իսկ կասկածի ժամանակ, թէ ի՛նչ է ճշմարտութիւնը՝ ապաւէն գտէք հայկական գրականութեան արդար վկայութիւններուն մէջ: