Կիրակի, 27 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ս. պատարագ մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց, ապա կատարեց եկեղեցւոյ եօթը նոր դռներու օծումը: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան եւ հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը:
Թորգոմ եպիսկոպոս իր պատգամին մէջ կեդրոնացաւ հաւատքի զօրութեան եւ գործնապէս Քրիստոսի հետեւորդները դառնալու կարեւորութեան վրայ: «Յիսուս կանգնած է մեր բոլորին սրտերուն առջեւ ու կ՛ըսէ. «Բացէք ձեր դռները, որ ներս մտնեմ»», նշեց ան, հաստատելով, որ երբ բացուին մեր սիրտերուն դռները, Տէրը իր ողորմութիւնը կը հեղու մեր վրայ, որպէսզի քրիստոնէական արժանիքներով ապրինք մեր կեանքը, միաժամանակ շեշտելով, որ մարդուն կեանքին մէջ Քրիստոսի բերած յոյսը նոր շունչ կը պարգեւէ եւ մարդը կը գօտեպնդէ՝ ապաւինելու երկնային զօրութեան:


Առաջնորդ սրբազան հայրը նաեւ անդրադարձաւ Աստուծոյ եւ երկինքին հետ հաղորդակցութեան կարեւորութեան՝ ըսելով որ, ամէն անգամ երբ աղօթք մը դուրս կու գայ մեր շրթներէն, կը հասնի վեր ու կը թակէ Աստուծոյ դուռը:
Ապա, յանուն բոլոր հաւատացեալներուն՝ ան աղօթք առաքեց Աստուծոյ, որպէսզի երկնային շնորհներու արժանացնէ եւ զօրացնէ քայլերը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով կը դիմեն Իրեն:
Իր խօսքին ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը նաեւ ողջունեց Կլենտէյլի եկեղեցւոյ համայնքը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծառայող բոլոր սպասաւորները, հոգեւորականաց դասը՝ գլխաւորութեամբ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի, հոգաբարձական կազմը՝ գլխաւորութեամբ Կարօ Էշկիեանի, որոնք առաւելագոյնս ճիգ կը թափեն եւ կը գործեն՝ յանուն եկեղեցւոյ պայծառութեան ու լուսաւորութեան:
Այնուհետեւ, Թորգոմ եպիսկոպոսը օրհնեց եւ գնահատեց եկեղեցւոյ անցեալ ու ներկայ բոլոր բարերարները, յատկապէս Արա եւ Ալին Չաղլասեանները եւ անոնց երեք որդիները՝ Արսէնը, Վահէն ու Արմէնը, որոնք սիրով հոգացած էին Աստուծոյ տան եօթը նոր դռներու ծախսերը եւ բարերար ընտանիքին մաղթեց երկնային շնորհներու բիւրապատկում՝ ընդգծելով տէրունական հետեւեալ խօսքը. «Երանի այն մարդուն, որ կը նախընտրէ Աստուծոյ աչքին հարուստ երեւնալ»:
Յիշենք, որ նոյն օրը, Ս. պատարագին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ խորանին երիտասարդ եւ նուիրեալ ծառայողներէն Յակոբ Նալճեանին:
