

ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ առցանց ժողովի մը ընթացքին կազմուեցաւ իր նոր վարչութիւնը, որուն անդամներն են՝ Քրիսթինա Մարանչի (ատենապետ), Ռէյչըլ Կօշկարեան (փոխատենապետ), Արմէն Մասրուպեան, Ասիա Դարբինեան եւ Հելէն Մախթումեան։
Վարչութեան նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Հայագիտական Ուսմանց ընկերակցութեան պաշտօնաթերթի խմբագիրը:
Մարանչի պատիւ համարեց այս նշանակումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ վարչութեան, որուն ատենապետն էր Պետրոս Տէր Մաթոսեան։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: