ՆԱԹՕի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Ժուլիէն Սմիթ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի գործունէութեան, Վրաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան եւ ՆԱԹՕի ու Հայաստան-Վրաստան-Ատրպէյճան եռեակին միջեւ յարաբերութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց «Ռատար»ը:
Դեսպանը յատկապէս խօսեցաւ ռուս-ուքրանական պատերազմի լոյսին տակ նշեալ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն մասին:
«ՆԱԹՕն բոլորովին համաձայն է, որ այս երեք երկիրները պէտք է ներկայ գտնուէին նախարարական այս հանդիպումին (Լոծի մէջ ԵԱՀԿի խորհրդաժողով), որովհետեւ մենք կ՛ուզենք գտնել այս երկիրները զօրացնելու ուղիներ` այն առումով, որ ինչպէ՛ս անոնք կը զգան Ուքրանիոյ պատերազմի իրական ազդեցութիւնը: Մենք կը փորձենք ուղիներ փնտռել այդ կարեւոր գործընկերութիւնը զարգացնելու համար։ Կ՛ուզենք զօրացնել Հարաւային Կովկասի մէջ մեր դիրքերը», յայտարարեց Սմիթ: