
ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 10 Փետրուար 1941ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Յովսէփ Գաբրիէլեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 27 Նոյեմբեր 2022ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ (ճերմակ եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Կինը՝ Սոնա Գաբրիէլեան
Զաւակները՝ Շանթ եւ Մըրի Գաբրիէլեան
Շահան եւ Լիսա Գաբրիէլեան
Թոռները՝ Ալեք, Քոնըր, Թալիա եւ Ալեքսանտր Գաբրիէլեաններ
Հանգուցեալ եղբօր՝ Պերճ Գաբրիէլեանի կինը՝ Ռիթա Գաբրիէլեան եւ ընտանիք
Քոյրը՝ Էլիզ եւ Վարդգէս Կիւլէսէրեան
Աներորդիները՝ Գէորգ Պէրէճիքլեան
Վահէ եւ Մարալ Պէրէճիքլեան եւ ընտանիք
Քենիները՝ Այտա եւ Հրաչ Գասապեան եւ ընտանիք
Սիլվա եւ Լեւոն Կիրակոսեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Գաբրիէլեան, Պէրէճիքլեան, Չալեան, Գասապեան, Կիւլէսէրեան, Մաղաքեան, Սարգիս, Կիրակոսեան, Արճեան, Լախոյեան, Սիմոնեան, Պապուշեան եւ Աքեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Ասպարէզ» օրաթերթին (make checks payable to Armenian Media Network, 1203 N. Vermont Ave., Los Angeles, CA 90029) կամ Շամլեան Ազգային վարժարանին (Chamlian Armenian School, 4444 Lowell Ave., Glendale, CA 91214):
***
ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆԻ մահուան տխուր առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի կնոջ՝ Սոնիային, զաւակներուն՝ Շանթին եւ Շահանին, ինչպէս նաեւ քրոջ, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։
Հանգուցեալը երկար տարիներ եղած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ, Ազգային երեսփոխան եւ Ազգային վարչութեան անդամ ու գանձապահ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
***
ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆի՝ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ երեսփոխանական կազմի անդամին, մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր դասը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը եւ յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Սոնիա Գաբրիէլեանին, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւն: