
ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ՀԱՍՈՅԹԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ
Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբերի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին եւ հիւրընկալութեամբ բարերարուհի Վալենթին Սարաֆեանի, Կլենտէյլի «Անոյշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի աւանդական տօնավաճառ-ճաշկերոյթը, որուն ներկայ եղան Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, հիւրընկալ բարերարուհիին ընտանեկան պարագաները, բարերարներ, նուիրեալ հայուհիներ եւ հիւրեր:
Տօնավաճառ-ճաշկերոյթի հանդիսավարն էր Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի խմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ բացման խօսքէն ետք հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը՝ օրհնելու սեղանները եւ փոխանցելու իր պատգամը:
Թորգոմ եպիսկոպոսը Աստուծոյ փառք տալէ ետք, ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը, ապա փոխանցեց գօտեպնդող պատգամ մը, որուն ընթացքին գնահատեց կազմակերպիչ մարմինի բծախնդիր եւ տքնաջան աշխատանքը ու իւրաքանչիւր անդամի բարձրակորով ոգին եւ ցուցաբերած աջակցութիւնը, Ազգային առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան ի նպաստ:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Վալենթին Սարաֆեանը, որուն ուղղուած՝ առաջնորդ սրբազանի Օրհնութեան եւ Գնահատանքի յատուկ գիրը ընթերցեց տէր Ռազմիկը, իսկ առաջնորդ սրբազանը դրուատալից խօսքերով բարձր գնահատեց բարերարուհիին աստուածահաճոյ գործունէութիւնը, մարդասիրական ոգին, իր ունեցածէն ազգին եւ եկեղեցւոյ լիաբուռն նուիրելու առաքինի կեցուածքը, ապա աղօթքով օրհնեց սեղանները:
Օժանդակ մարմինի անունով խօսք առաւ Սօսի Կէօքկէօզեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ ակնարկ մը նետեց Ազգային առաջնորդարանի ամէնամեայ այս ձեռնարկի կարեւորութեան եւ մարմինին կողմէ ցարդ իրականացուած ծրագիրներուն վրայ, գեղեցկօրէն յարդարուած սրահը լեցուցած առաւել քան 200 ներկաները հասու դարձնելով նաեւ մարմինի բարեսիրական նոր ծրագիրներուն՝ յայտարարելով, որ ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Ազգային առաջնորդարանի հետապնդած մարդասիրական նպատակներուն:
Յայտնենք, որ գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտներ, որոնք տօնական յատուկ տարազներով եւ երգերով աւելի եւս գեղեցկացուցին պահը, սեղան առ սեղան շրջեցան եւ մատուցեցին Ամանորի ու Ս. Ծննդեան երգեր, իսկ երիտասարդ քանոնահարուհի Նեկտարը շարունակեց խանդավառել ձեռնարկը իր հայկական նուագներով եւ երգերով, մինչ Կաղանդ Պապային հաճելի ներկայութիւնը ջերմութեամբ լեցուց բոլորին սիրտերը, իսկ ներկաները իրենց գնումները եւ նուիրատուութիւնները շարունակեցին կատարել մինչեւ ուշ յետմիջօրէ, մէկ կողմէ՝ սրահը եզերող կրպակներէն պէս-պէս նուէրներ գնելով, իսկ միւս կողմէ՝ Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն իրենց առատաձեռն զօրակցութիւնը բերելով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
