Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ բանակցութիւններէն առաջ յայտարարեց, որ Ռուսիա շահագրգռուած է ամէն ձեւով նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով «Թասս» լրատու գործակալութիւնը:
«Կարեւոր թեմա է կատարման ընթացքը Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուեցան Նոյեմբեր 2020ին, Յունուար 2021ին, Նոյեմբերին, եւ Հոկտեմբերի աւարտին եղած հերթական գագաթնաժողովին՝ Սոչիի մէջ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ այլ հարցերու կարեւորութիւնը:
Լաւրով դիտել տուաւ, որ Ռուսիա հետամուտ է նպաստելու ապաշրջափակման, սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքնման, ընդհանուր առմամբ՝ վստահութեան ամրապնդման, նաեւ՝ հասարակական կառոյցներու, քաղաքագէտներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ կապերու զարգացման ճամբով:
Բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լաւրով նշեց, որ Հարաւային Կովկասի հարցով «3+3» ձեւաչափով (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) համագործակցութեան հարթակի նոր նիստը կը նախապատրաստուի. ժամկէտները եւ օրակարգը այժմ կը համադրուին:
Յայտնենք, որ «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան հարթակի առաջին նիստը, որ նուիրուած էր Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով՝ Դեկտեմբեր 2021ին, Մոսկուայի մէջ:
Հանդիպումէն օր մը առաջ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ այն մասին, որ Վրաստան պիտի չներկայանայ «3+3» ձեւաչափով հանդիպման: