«Տեսնում ենք ադրբեջանական կողմի մտադրութիւնը՝ փակել Լաչինի միջանցքը», ըստ «Ազատութեան», յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի համատեղ նիստին եւ 15րդ լիագումար նիստին:
«Լաչինի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղի հայերի կենսապահովման համար մարդասիրական նշանակութեան միակ լիարժէք ճանապարհն է», շեշտեց ան՝ անդրադառնալով երկու օր առաջ արձանագրուած միջադէպին, երբ Պաքու, ինչպէս ինք հաղորդեց, մասնագէտներու խումբ ուղարկեց խաղաղապահներու տեղակայման վայրը՝ «հետաքննելու եւ վերահսկելու տեղւոյն վրայ օգտակար հանածոներու ապօրինի շահագործումը եւ այդ գործունէութեան բնապահպանական արդիւնքները»:
Ատրպէյճանցիներու այդ խումբի այցելութեան պատճառով, Շաբաթ օր շուռջ 4 ժամ փակ մնաց Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին, որովհետեւ անոնք այդ ճամբուն մէջտեղը բանակցեցան ռուս խաղաղապահներուն հետ:
«Երեւանի համար սկզբունքային է Հայաստանի Հանրապետութիւնում ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտու հաստատումը», ըսաւ Սիմոնեան՝ ընդգծելով, որ վերջին նիստէն ի վեր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը աւելի վատթարացած է, տեղի կ՛ունենան իրադարձութիւններ, որոնք կը խաթարեն կայունութիւնը եւ տարածաշրջանային ապահովութիւնը:
Ան լուսարձակի տակ առաւ Սեպտեմբերին Հայաստանի տարածք ներխուժած ատրպէյճանական զինուած ուժին կատարած ռազմական գործողութիւնները՝ յիշեցնելով, որ յարձակման նոր փուլին ատրպէյճանցիները բռնագրաւեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն որոշ հատուածներ:
Պաշտօնական Պաքուի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, ըստ Սիմոնեանի, կը վկայէ Ատրպէյճանի հետագայ ծաւալապաշտական նկրտումներուն մասին: «Այս բարդ իրավիճակում Հայաստանի համար չափազանց կարեւոր էր ՀԱՊԿում մեր գործընկերների ռազմական եւ քաղաքական աջակցութիւնը», աւելցուց ան:
Սիմոնեան հաստատեց, որ Հայաստան երբեք չէ յայտարարած ՀԱՊԿէն դուրս գալու մասին, այլ ըսուած է, որ ՀԱՊԿն կը լքէ տարածաշրջանը, ինչ որ մտահոգիչ է: