Ըստ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած զինուորական ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրին՝ թուրք-ատրպէյճանական միացեալ ռազմափորձեր կը կատարուին, կը հաղորդէ «Թերթ»ը:
Ռազմափորձերը, որոնք տեղի կ՛ունենան տարբեր տեսակի զօրքերու անձնակազմերու, զինուորական եւ սպառազինութեան, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական բանակին եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն օդուժերու ներգրաւումով՝ կ՛ընդգրկեն Պաքու քաղաքի, Ասթարայի, բռնագրաւեալ Ջրականի (Ճապրայիլ) եւ Իմիշլիի շրջաններու տարածքները:
Ըստ բեմագրութեան՝ ատրպէյճանական բանակի ցամաքային զօրքերու, օդուժի, մասնայատուկ ուժերու եւ հրթիռահրետանային զօրքերու ստորաբաժանումները Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զինուորներուն հետ կ՛իրականացնեն մարտական պատրաստութեան զանազան առաջադրանքներ:
Ռազմափորձերուն մէջ, նկատի ունենալով ժամանակակից մարտական գործողութիւններու կատարման մեթոտները, զանազան առաջադրանքներ կը կատարուին մարտական, համակարգում ապահովելու, գետերու վրայէն ծփացող կամուրջներ կառուցելու համար անցումներ, ինչպէս նաեւ թշնամիի խոր թիկունքին մէջ անկարգելով էջք կատարելու: