ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները դատապարտող Ֆրանսայի Ազգային ժողովի միաձայն քուէարկութենէն ետք, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը վերապահութիւններ կը յայտնէ Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի միացեալ որոշումին վերաբերեալ։
Արդարեւ, հոն տեղադրուած մամլոյ ասուլիսի զեկուցումին մէջ կը կարդանք (չէ ճշդուած, թէ ո՞վ է մամլոյ ասուլիսը կատարողը).
«ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ է կառավարութեան դիրքորոշումը Ծերակոյտին, այնուհետեւ Ազգային ժողովին կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերաբերեալ ընդունուած երկու բանաձեւերուն նկատմամբ։
«ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Խորհրդարանական նախաձեռնութեամբ ընդունուած այդ բանաձեւը չի ներկայացներ կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը եւ անիկա որդեգրուած է ինքնուրոյն՝ իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքին համապատասխան։
«Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը ծանօթ է եւ նախարարուհին բազմաթիւ անգամներ յայտնտած է, որ «Ֆրանսա կը շարունակէ խրախուսել կողմերը ընդառաջ երթալու այս բանակցութիւններուն՝ օգտուելու համար խաղաղութեան կարելիութենէն»։
«Եւ այս ոգիով է, որ Հանրապետութեան նախագահը Փրակի մէջ համախմբեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները, հանդիպում մը, որ յատկապէս յանգեցուց Հայաստանի տարածքին Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայման»։