Ընթացիկ տարուան Նոյեմբերին, BBC-ի թղթակից Օլկա Իվշինա այցելեց Արցախ BBC-ի լրատուական խումբին հետ, որմէ ետք հրապարակեց «Յաղթանակի Ցուցադրութիւն. Ինչպէս Կ՛ապրի Ղարաբաղը Երկու Տարի Ետք» խորագրուած ծաւալուն յօդուածը, որուն մէջ յստակ նկարագրութիւններով եւ մանրամասներով ներկայացուած են Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի գերեզմանատան, դպրոցի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քանդումները եւ պղծումի գործողութիւնները, կը հաղորդած է monumentwatch.org կայքը։
Յօդուածը կը սկսի պատերազմին երկու կողմերուն կրած ծանր հետեւանքներու նկարագրութեամբ: «Առաւել քան 8000 զինուորներու մահ, 10 հազար անտուն մարդիկ, լքուած ու քանդուած բնակավայրեր», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ։
Լրագրողը, անդրադառնալով ատրպէյճանցիներու կողմէ Մեծ Թաղերու գերեզմանատան քանդումին՝ կը յայտնէ, որ 100 տարիներէ ի վեր հոն ապրած են հայեր, որոնք փախուստ տուած են պատերազմէն ետք։
Այնուհետեւ, նկարագրելով հիմնական ճամբայէն քանի մը տասնեակ մեթր հեռու գտնուող գիւղը, եւ 1846ին կառուցուած Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին՝ յօդուածագիրը բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ ատրպէյճանցիներու կողմէ հայկական հետքերը ջնջելու, պղծումի եւ շարք մը այլ գործողութիւններու մասին։ «Մուտքի փայտեայ դռները կոտրուած են, եկեղեցւոյ դրան մօտ Յիսուսի կոտրուած քարէ գլուխն է։ Մուտքի կամարին տակ եկեղեցւոյ մասնիկներու փշրանքներ կան։ Հիւսիսային պատին մօտ գտնուող հին տապանաքարերէն քանի մը հատը կոտրուած են, իսկ ոտքերու տակ կը գլորին սպիտակ քարեր», կը գրէ Իվշինա։

Անդրադառնալով աղօթասրահին՝ ան կ՛ըսէ. «Աղօթասրահի կեդրոնին փայտեայ նստարան կայ՝ ծածկուած փոշիի հաստ եւ հաւասար շերտով։ Ուրիշ մը՝ շրջած, ինկած է մօտակայքը։ Երրորդ նստարանը անյայտ պատճառներով յենած է Աւագ խորանին։ Խորանին վրայ եւ որոշ պատերու վրայ կան կարմիր մեծ տառեր ՝ անուններ, որոնք այնտեղ ձգած են ատրպէյճանցի զինուորականները, որոնք 2020ի աշնան մտած են գիւղը։ Եկեղեցական կահ-կարասիէն գրեթէ ոչինչ մնացած է։ Ատրպէյճանցիները թողած են միայն պատռուած սրբապատկերի մը կէսը»։
Յօդուածին յաջորդ բաժինին մէջ, լրագրողը կ՛անդրադառնայ նաեւ Մեծ Թաղեր գիւղին, ուրկէ բռնի տեղահանուած են արցախցիները պատերազմին պատճառով։ Լրագրողը կը նկարագրէ գիւղին լքուած կեանքը՝ կոտրուած դարպասներ, փշրուած ապակիներ, ինքնաշարժի մը ժանգոտող մետաղը եւ այլն։
Լրագրողը կը նշէ, որ գիւղին եռայարկ դպրոցը, որ հայերու կողմէ վերանորոգած էր, տակաւին իր պատերուն վրայ ունի հայերէն գրութիւններ։ Լրագրողը կը փաստէ դպրոցի գոյքի թալանը եւ կը կ՛աւելցնէ, որ միջանցքներու պատերուն գրուած են ատրպէյճաներէն բառեր։ «Այն միջանցքները, ուր երկու տարի առաջ կը վազվզէին մանուկները, այսօր դատարկ են», կը յայտնէ Իվշինա: