Արցախի խորհրդարանի 5 խմբակցութիւններու ղեկավարները 6 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցան Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու հրամանատար զօր. Անտրէյ Վոլքովի հետ: Անոնք շեշտեցին, որ Արցախի համար անընդունելի է Լաչինի միջանցքին մէջ «սքենըր»ի (դիտող եւ նկարահանող գործիքի) տեղադրումը` պահանջելով նման քայլի չդիմել։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց ընդդիմադիր «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան:
Զօր.Վոլքով նախորդ շաբաթ, Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի փակումէն ետք, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու ըսաւ, որ Արցախը Հայաստանին կապող ճամբուն վրայ մինի մաքսակէտ պիտի տեղադրուի` յագեցած յատուկ սարքերով: Ան նշեց, որ նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ռուսական եւ ատրպէյճանական կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք:
Մինչդեռ 6 Դեկտեմբերին, արցախցի խորհրդարանականներու հետ հանդիպման ընթացքին, ըստ Գալստեանի, զօր. Վոլքով ըսաւ, թէ իր խօսքը բովանդակութենէն դուրս բերուած է եւ շփոթ ստեղծուած է: Ըստ անոր` Ատրպէյճան պահանջած է, որ ստուգուին այդ ճամբով անցնող բեռնատարերը, որովհետեւ, իբր թէ, զէնք-զինամթերք կը տեղափոխուի, եւ ինք սքենըրի մասին խօսած է: Ամէն պարագայի, արցախցի պատգամաւորները պնդեցին, որ դէմ են այդ սարքի տեղադրման:
«Ադրբեջանցիք պահանջել են, որ վերահսկուի Արցախ եկող հիմնական բեռնատարների բեռները, եւ մինի մաքսակէտ ասելով…, նա հէնց, իր բացատրութիւնով, նա էդ տնտեսական տերմինների (եզրերուն) կարող է լաւ չի տիրապետում, տենց է ձեւակերպել, մաքսակէտի գործունէութիւնը բոլորս հասկանում ենք, որ ինչ-որ ապրանքներ մաքսազերծելն է», ըսաւ Գալստեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ փաստօրէն ան կը սխալի՞ մաքսակէտ բառը օգտագործելով՝ Գալստեան ըսաւ. «Ինքը էդ սկանաւորող սարքաւորումները, որոնք ինքը երեւի տեսել է մաքսատներում, նման փոխկապակցուածութիւն է տուել` մինի-մաքսակէտ ասելով»:
Իսկ թէ ինչո՞ւ դէմ են այս սարքի տեղադրման, ի՞նչ վտանգներ կան՝ Գալստեան պատասխանեց. «Վտանգներ չկան, դա լրացուցիչ խոչընդոտ է մեր ամէնօրեայ ապրելակերպում»:
«Ազատութեան» լրագրողը հարցուց, որ 6 Դեկտեմբերի իրենց հանդիպումէն ետք ռուս խաղաղապահ զօրակազմը նման քայլի պիտի չդիմէ՞՝ Գալստեան արձագանգեց. «Ես համոզուած եմ: Մենք իրեն վստահեցրեցինք, որ նման քայլեր թոյլ չենք տալու կատարել Արցախում, փակագծերը եկէք շատ չբացեմ»:
Հայաստանի իշխանութիւնները, անդրադառանալով վերջին շրջանին Լաչինի միջանցքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ կը յիշեցնեն Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը: Խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեան «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան ըսաւ, որ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան հետ միասնաբար պէտք է ընեն առաւելագոյնը, որպէսզի Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքը փակելու դէպքերը չկրկնուին:
«Ես ուզում եմ յիշեցնել, որ Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան կէտում արձանագրւում է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է գործի միայն ռուս խաղաղապահների վերահսկողութեան ներքոյ, ե՛ւ Հայաստանից, ե՛ւ Արցախից յետադարձ կապը պէտք է լինի անխոչընդոտ: Այս համատեքստում որեւէ խոչընդոտող երեւոյթ կամ դետալ (մանրամասնութիւն), բնականաբար, անընդունելի է մեր համար», յայտնեց Աղաջանեան:
Ըստ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի՝ Ատրպէյճանի վերջին օրերու գործողութիւնները եւ յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Պաքու նպատակ ունի Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առնելու: Ըստ անոր՝ այնքան ատեն որ Հայաստանի իշխանութիւնը չի հակադարձեր, չի պատասխաներ Ատրպէյճանի քայլերուն, Պաքու անընդհատ ճնշումները կ՛աւելցնէ՝ փորձելով պոկել աւելին:
«Ինչ վերաբերում է միջանցքում տարբեր յենակէտեր, տարբեր դիտարկման սարքեր տեղադրելը նաեւ ադրբեջանցիների հետ անընդունելի է: Կը գայ մի օր, որ իրենք այսպէս տոտալ (ամբողջական), ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ կը վերցնեն, իսկ Արցախը յանձնել Ադրբեջանին, նշանակում է հայաթափել: Եւ այն շրջանցող ճանապարհը, որ կառուցուել է ադրբեջանցիների կողմից այդքան արագ, նաեւ խօսում է նրա մասին, որ վերահսկողութեան տակ են վերցնելու այն ենթակառոյցները, որոնք Հայաստանից գնում են Արցախ, ես նկատի ունեմ գազ, ելեկտրականութիւն, եւ տոտալ վերահսկողութեան մասին է խօսում, որ ադրբեջանցիները փորձում են իրականացնել», ընդգծեց Օհանեան:
Միւս կողմէ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարեց, որ զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ տարածուող տեղեկութիւնը՝ առ այն, որ իբր թէ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը համաձայն է ատրպէյճանական մաքսային կէտ տեղադրելու Լաչինի միջանցքին մէջ` կեղծ է եւ չի բխիր Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն որդեգրած եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներէն։
Ըստ յայտարարութեան` «խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտի արգելուած առարկաներ մուտքը չթոյլատրելու նպատակով ՌԴ խաղաղապահների կողմից դիտարկուել է Լաչինի միջանցքի թիւ 1 յենակէտում ռենտգեն-սկաների տեղադրման հնարաւորութիւնը` մտնող տրանսպորտային միջոցների զննման նպատակով»:
Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդը կը նշէ, որ բեռներու վերահսկողութիւնը կը ծրագրուի իրականացնել խաղաղապահ զօրակազմի մասնագէտներուն կողմէ: