ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Նոյեմբեր 8ին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին իր հաւատարմագիրներու կրկնօրինակը յանձնեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Սերժ Սմեսով:
Ողջունելով հիւրը, նախարար Օսկանեան յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին՝ իր առաքելութեան մէջ:
Հանդիպման ժամանակ դեսպանը նշեց, որ իր նախկին աշխատանքային գործունէութեան բերումով քաջածանօթ է ԱՊՀ տարածաշրջանին, տեղեկացուց նաեւ մինչ Հայաստան ժամանելը Ֆրանսայի տարբեր պաշտօնական եւ հասարակական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ հայկական համայնքի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին:
Այնուհետեւ զրուցակիցները շօշափեցին երկկողմանի գործակցութեան ծաւալուն օրակարգը, ընդգծելով բոլոր ոլորտներուն մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի գործակցութեան խորացման նպաստելու պատրաստակամութիւնը:
Սերժ Սմեսով ծնած է 1947ին: 1984ին աւարտած է Լոնտոնի Պաշտպանութեան հարցերու ուսումնասիրութիւններու արքայական հիմնարկը: 1974-1977ին եղած Պուքրէշի մէջ Ֆրանսայի փոխհիւպատոս: 1986-1988ին աշխատած է ԵԱՀԽի մէջ: 1994-1995ին եղած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգի պատասխանատու: 1996-1998ին՝ Քիշնեւի մէջ Ֆրանսայի դեսպան, 1999-2003ին՝ Ղազախստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան: 2003էն ի վեր կը վարէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի վարչութեան բաժինի փոխվարիչի պաշտօնը: Ունի երկրորդ դասի լիազօր նախարարի դիւանագիտական աստիճան, պարգեւատրուած է «Արժանիքի համար» ազգային շքանշանով: Կը խօսի անգլերէն, գերմաներէն, սպաներէն, ռուսերէն եւ ռումաներէն: