Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի 8 Դեկտեմբերի նիստին դադրեցուեցան ինքնաբացարկի դիմումներ ներկայացուցած ընդդիմադիր 4 պատգամաւորներուն լիազօրութիւնները եւ անոնց աթոռները տրամադրուեցան նոր պատգամաւորներու:
Իրենց աթոռէն հրաժարելու դիմումներ ներկայացուցին «Հայաստան» դաշինքի ցանկին վրայ ընդգրկուած Ռիմա Ղազարեան, Ռուէն Մելքոնեան, Ռոբերտ Հայրապետեան, Մարիա Պետրոսեան, Սայադ Շիրինեան եւ Դաւիթ Սահակեանց:
Այդպիսով, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Արամ Վարդեվանեանի, Վահէ Յակոբեանի, Հռիփսիմէ Ստամբուլեանի եւ Ելենա Կիրակոսեանի լիազօրութիւնները՝ Ազգային ժողովի նախագահին դասաւորումով կը դադրին, եւ անոնց աթոռները ԿԸՅի արձանագրութեամբ համապատասխանաբար կը տրամադրուին Մհեր Սահակեանին, Արփինէ Վարդանեանին, Արման Ղազարեանին եւ Իրինա Գասպարեանին: