
ՍԵԴՐԱԿ ԱՐԱՄ ԱԼՊԱՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 22 Դեկտեմբեր 1925ին, Թրիփոլի, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Սեդրակ Արամ Ալպարեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2022ին, Կլենտէյլի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, 1510 E. Mountain St., Glendale, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Անի, Արա, Րաֆֆի եւ Պերճ Ալպարեաններ
Թոռները՝ ԷյՃէյ, Պրիանա, Ճէյք, Ճօէլ, Թալին, Սերժ եւ Սելին
Քոյրը՝ Երանուհի Կիւլկիւլեան
Եղբօր եւ քրոջ զաւակները (Լիբանան, Ֆրանսա, Գանատա եւ Սուրիա)
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Կլետնէյլի «Սիփան» մասնաճիւղին։