ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 10ին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կազմակերպուած գիտական խորհուրդի ընդլայնուած նիստի ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան ներկայացուց ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը եւ լսեց գիտական խորհուրդի անդամներու կարծիքները եւ առաջարկները:
Նիստի ընթացքին նախարար Սարգսեան նշեց, թէ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակումը դարձած է հրամայական պահանջ, քանի որ, «ունենալով 15 տարուայ անկախութիւն, ապրում ենք առանց այդ հիմնական քաղաքական փաստաթղթի»:
Ան յայտնեց նաեւ, որ այդ փաստաթուղթի համար հիմք կը հանդիսանայ պաշտպանութեան նախարարի՝ 2005ի Փետրուարին «Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան ուղենիշները» զեկոյցը եւ աւելցուց, որ փաստաթուղթի վերաբերեալ մասնագիտական բնոյթի խորհրդատուութիւններ կան Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան համալսարանի մասնագէտներուն, ՆԱԹՕի փորձագիտական խումբի եւ Ռուսիոյ նախագահին կից ակադեմիայի անձնակազմի եւ գիտնականներու կողմէ: Բացի այդ, փաստաթուղթը անցած է փորձաքննութենէ, քննարկումներէ եւ խորհրդատուութիւններէ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի մէջ:
Ըստ նախարարին, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Ազգային ժողովին մէջ նախատեսուած քննարկումներէն յետոյ լրամշակուած փաստաթուղթը պիտի ներկայացուի նախագահին, ապա պիտի քննուի կառավարութեան կողմէ եւ հաստատուելէ յետոյ, պարտադիր պիտի ըլլայ պետական բոլոր կառոյցներուն համար:
Սերժ Սարգսեանի ելոյթէն յետոյ, ԵՊՀի գիտական խորհուրդի անդամները, որոնք նախօրօք ծանօթացած էին նախագիծին, յայտնեցին իրենց կարծիքները եւ ներկայացուցին առաջարկներ:
Նշենք, որ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան շուրջ քննարկումներ պիտի ըլլան նաեւ Նոյեմբեր 17ին, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան ընդլայնուած նիստին, իսկ Նոյեմբեր 27ին՝ Ազգային ժողովին մէջ: