ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը Նոյեմբեր 9ին սկսաւ իր աշխատանքներուն: Նիստի սկիզբը պատգամաւորները քուէարկեցին եւ ընդունեցին վերջին քառօրեայի ընթացքին քննարկուած շուրջ մէկուկէս տասնեակ նախագիծերը:
Առաջին ընթերցմամբ ընդունուեցան կառավարութեան կողմէ ներկայացուած հասարակութեան եւ պետութեան կարիքներուն համար սեփականութեան վաճառքի մասին օրինագիծը (61 թեր, 11 ձեռնպահ, առանց «դէմ»ի) եւ այս օրէնքէն բխող փոփոխութիւններու նախագիծերը հողային եւ քաղաքացիական օրէնսգիրքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած թիկնապահներու գործունէութեան մասին օրէնքի նախագիծը:
Արտահերթ նիստի ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ հասարակութեան եւ պետութեան կարիքներուն համար սեփականութեան վաճառման մասին օրէնսդրական թղթածրարի քննարկումը երկրորդ ընթերցումով, ինչպէս նաեւ պիտի քննուին հարկային ծառայութեան, մաքսային ծառայութեան օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններու նախագիծերը եւ շարք մը այլ օրինագիծեր: