Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Ատրպէյճանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմին եւ ռազմական կցորդներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Լաչինի ճամբուն վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ ըսաւ, որ տակաւին պատասխան չէ տրուած Ատրպէյճանի բնապահպաններու պահանջներուն:
Պայրամով նշեց, թէ իրականութեան չեն համապատասխաներ պնդումները, ըստ որոնց, Լաչինի միջանցքի արգելափակումը յանգեցուցած է մարդկասիրական ճգնաժամի:
Ան նաեւ հերքեց Հայաստանէն Արցախ կազի մատակարարումը Ատրպէյճանի հատուածին մէջ արգելափակելու մասին պաշտօնական Ստեփանակերտի յայտարարութիւնը՝ զայն անուանելով կեղծ:
«Եթէ կայ հարց, անիկա պէտք է հետաքննուի եւ լուծուի: Ատրպէյճանական կողմը հարցեր չստեղծեր», ըսաւ Պայրամով՝ աւելցնելով. «Եթէ կապ ըլլար տեղական իշխանութիւններուն եւ պետական մարմիններուն միջեւ, հարցը կը լուծուէր ժամանակին: Այժմ անոնք կը խուսափին ատրպէյճանական կողմին հետ շփումներէն, որպէսզի ողբերգականութիւնը սաստկացնեն»:
Պաշտօնական Պաքու նաեւ յայտարարեց, որ «ղարաբաղեան տնտեսական գօտիին մէջ» գտնուող ոսկիի եւ պղնձա-մոլիպտենային հանքավայրերու «անօրինական շահագործումը պէտք է դադրեցուի»:
«Ցեղային հայերը ունին ապրելու իրաւունք այդ տարածքներուն մէջ՝ Ատրպէյճանի օրէնքներու ծիրին մէջ եւ Ատրպէյճանի պետութիւնը կը ճանչնայ անոնց այդ իրաւունքը», յայտարարեց Պայրամով: Առանց անուններ տալու ան պնդեց, թէ որոշ ուժեր շահագրգռուած չեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումով:
Ան ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է դիմել հակառակ կողմին, լրջօրէն զգուշացնել եւ վերջ դնել սադրանքներուն:
«Այդ ճամբով անոնք ոչինչի կը հասնին: Ատրպէյճանի դիրքորոշումը արդարացի է եւ կառուցողական: Բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին Ատրպէյճանի օրէնքներուն եւ անոր ինքնիշխանութեան շրջանակներուն մէջ», յայտարարեց Պայրամով: