Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)` (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի դիտարկման գծով) չորս համազեկուցողները միացեալ յայտարարութեամբ անդրադարձան Լաչինի մէջ ստեղծուած վիճակին` արտայայտելով իրենց մտահոգութիւնը ազատ տեղաշարժի ընդհատման փաստին վերաբերեալ:
«Միջանցքի երկայնքով պէտք է շտապօրէն վերականգնի մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժի ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն անյապաղ ձեռնարկելու անհրաժեշտ միջոցներու», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը հաղորդուի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար` ստեղծուած իրավիճակը եւ դիւանագիտական ջանքերը Չորեքշաբթի օրը քննարկուեցան ԵԽԽՎի դիտարկման յանձնաժողովին կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի եւ ԵԱՀԿի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի հետ:
«Մենք կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ ապահովելու անհրաժեշտ բոլոր քաղաքական աջակցութիւնը, որոնց մէջ՝ տարածաշրջանին մէջ փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելու միջոցով», կ՛եզրափակեն համազեկուցողները:
Քլաար աւելի ուշ պարզաբանում տուաւ շրջան ընող տեսանիւթի մը մասին, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրորական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները կ՛աշխատին Լաչինի միջանցք տանող ճամբուն վրայ։ Ան այս մասին հետեւեալ գրառումը կատարեց «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ. «Կը տարածուի տեսանիւթ, թէ ինչպէ՛ս Եւրոպական Միութեան դիտորդները դիտարկում կը կատարեն Լաչինի միջանցք տանող ճամբուն վրայ: Ներկայիս անոնք կը գտնուին հսկիչ-անցագրային կէտին մօտ` հայ-ատրպէյճանական սահմանէն մօտաւորապէս 1.2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը` իր յանձնառութեան համապատասխան, կ՛աշխատի բացառապէս Հայաստանի տարածքին մէջ եւ Լաչինի միջանցք չէ մտած»։