ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի կրթական համակարգի արդիականացման եւ եւրոպական կրթական ընտանիքին համարկուելու խնդիրներուն նուիրուած էր Նոյեմբեր 10ին Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:
Ողջունելով ուսանողական միութեան այս նախաձեռնութիւնը, կրթութեան նախարարը նշեց, որ նման հանդիպումները եւ քննարկումները դրական ազդեցութիւն կ’ունենան տեղի ունեցող կրթական բարեփոխումներուն վրայ եւ ուսանողներու մասնակցութիւնը բարեփոխումներու գործընթացին մեծ առաւելութիւն է, քանի որ անոնց գնահատականները եւ դիտարկումները կարեւոր են գործընթացի արդիւնաւէտութեան համար:
«Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ, ԵՊՀ դասախօս Թադեւոս Չարչեանի խօսքերով, միութիւնը կարեւոր կը համարէ միջազգային կրթական դաշտին համարկուելու գործընթացը, եւ միջազգային չափանիշներով կրթուելու տեսանկիւնով, աղբալեանականները պատրաստակամ են մասնակցելու եւ սատարելու բարենորոգումներու ընթացքին:
Հանդիպման աւարտին Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն, ուր կոչ ուղղեց կրթական դաշտին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն՝ հիմնելու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու բարեփոխումները վերահսկող-համադրող խորհուրդ: