ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերի կէս գիշերուան ժամը 00:30ին, Իսրայէլ Թապարիայի հիւսիս-արեւելեան շրջանէն Դամասկոսի ուղղութեամբ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց։
Այս առիթով, պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին պատճառով երկու զինուորներ վիրաւորուեցան եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։