Պաքու կը շարունակէ հերքել Լաչինի միջանցքի տասնօրեայ շրջափակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ճգնաժամը, իսկ այդ մասին 20 Դեկտեմբերին ՄԱԿի մէջ հնչած յայտարարութիւնները կը նկատէ «կեղծ»: Այս մասին կը նշուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կ՛ըսուի, որ «խորապէս հիասթափեցնող է, որ ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդի անդամ որոշ երկիրներ չեն խուսափիր կողմնակալ, միակողմանի դիրքորոշում ցուցաբերելէ»:
«Յատկապէս մտահոգիչ է Ատրպէյճանի տարածքի մէկ մասին սխալ յիշատակումը: Մենք անգամ մը եւս կը կրկնենք միջազգային հանրութեան ուղղուած մեր կոչը` համոզել Հայաստանը արձագանգելու Ատրպէյճանի առաջարկին, դադրեցնել քաղաքական եւ ռազմական սադրանքները, հրաժարիլ յարձակողական հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն», կը յայտարարէ ատրպէյճանական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը:
ՄԱԿի մէջ հնչած Լաչինի միջանցքի բացման կոչերուն արձագանգեցին նաեւ արդէն 10րդ օրն ըլլալով ճամբան փակ պահող ատրպէյճանցիները՝ նշելով. «Մենք` հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներս, մտահոգ ենք, որ բողոքի խաղաղ ցոյցը՝ ընդդէմ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքին մէջ բնական պաշարներու ապօրինի շահագործման եւ բնապահպանական ահաբեկչութեան, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 20 Դեկտեմբերի նիստին որոշ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած միակողմանի, կողմնակալ կերպով, քննարկումները չեն արտացոլացներ իրական իրավիճակը, եւ մենք ափսոսանք կը յայտնենք ասոր համար»։