Պաշտօնական Երեւանի պահանջով, 20 Դեկտեմբերին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութիւնը։ Խօսք առին զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնց հիմնական պահանջն էր՝ բանալ Լաչինի միջանցքը եւ կանխարգիլել մարդկային աղէտը։
ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ըսաւ, որ Հայաստան կոչ կ՛ուղղէ ՄԱԿի կառոյցներուն՝ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու Արցախ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու ստեղծուած կացութեան։ «Ստեղծուած իրավիճակում մենք կոչ ենք անում ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդին քայլեր ձեռնարկել` պահանջելով, որպէսզի Ադրբեջանը լիարժէք յարգանք ցուցաբերի 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթների հանդէպ եւ անմիջապէս ու առանց նախապայմանների ապաշրջափակի Լաչինի միջանցքը` վերացնելով անվտանգ եւ անարգել տրանսպորտային (փոխադրութեան) երթեւեկութեան բոլոր խոչընդոտները: Կոչ ենք անում նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ` տեղում ստեղծուած հումանիտար կացութիւնը գնահատելու եւ ՄԱԿի մարդասիրական կառոյցների անարգել մուտքը ապահովելու համար», ըսաւ ան։
Հակադարձելով հայկական կողմի պնդումներուն` ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ անգամ մը եւս պնդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ անուանումով տարածաշրջան գոյութիւն չունի, իսկ Լաչինի ճամբան ոեւէ մէկը չէ արգելափակած:
Ըստ Ալիեւի՝ Պաքու արդէն իսկ ուղղակի շփումներու մէջ է տեղւոյն հայութեան հետ: Իբրեւ նման, իր բնորոշումով, յաջող կապերու օրինակ, ան մատնանշեց Լաչինի նոր ճամբու կառուցումը եւ ատրպէյճանցի մասնագէտներու այցելութիւնները Սարսանգի ջրամբարը:
«Ըստ ամենայնի` տեղւոյն վրայ արձանագրուող այս դրական զարգացումները հետզհետէ աւելի ու աւելի կը մտահոգեն Հայաստան եւ որոշ երրորդ պետութիւններ, առ այդ, անոնք կը դիմեն ամէն տեսակի սադրանքներու` լարուածութիւն ստեղծելու եւ կարգաւորման փխրուն գործընթացը խափանելու նպատակով: Ատրպէյճանի բնական պաշարներու անօրինական շահագործման մէջ ուղղակիօրէն ներքաշուած եւ տարածաշրջանին հետ որեւէ կապ չունեցող տխրահռչակ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի` Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ ի յայտ գալը, ինչպէս նաեւ որոշ արտաքին դերակատարներու ապակայունացնող գործողութիւնները այս բոլորին վառ վկայութիւնն են», յայտարարեց Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը:
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը յայտնեց, որ իր երկիրը խորապէս մտահոգուած է Լաչինի միջանցքի տեղաշարժի խոչընդոտներով եւ անոր պատճառով յառաջացած մարդասիրական իրավիճակով։
«Լաչինի միջանցքով փոխադրութիւնը խոչընդոտելը ետ կը մղէ խաղաղութեան հոլովոյթը՝ վտանգելով այս հոլովոյթին հանդէպ միջազգային վստահութիւնը եւ կրնայ ծանր մարդասիրական իրավիճակներու յանգեցնել։ Կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ այլ կողմերուն, որոնք պատասխանատու են միջանցքի ապահովութեան՝ կարելի եղածին չափ արագ ապաշրջափակելու Արցախը», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը։
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգները բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ անմիջապէս դադրեցնելու այն գործողութիւնները, որոնք կը վտանգեն խաղաղութեան հոլովոյթը, եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ներքոյ իրենց պարտաւորութիւնները կատարեն։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կուտակուած հարցերը պէտք է լուծուին խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով։ Բանակցութիւնները միակ ձեւն են մնայուն խաղաղութեան հասնելու», նշեց Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը։
Ըստ Ռուսիան ներկայացնող դիւանագէտին՝ ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր ինքնին Մոսկուան է, որ աշխոյժ կերպով կ՛աշխատի անոր յաղթահարման համար։
«Կ՛ակնկալենք, որ մօտիկ ապագային փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւնը պիտի վերականգնի։ Ռուսական կողմը՝ պաշտպանութեան նախարարութեան, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներգրաւումով վերջին օրերուն կը ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ ջանքերուն Լաչինի միջանցքին մէջ կացութեան շուտափոյթ կարգաւորման համար։ Պարբերական կապեր կան հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այդ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ հասնիլ Արցախ կազի մատակարարման վերսկսման եւ միջանցքով երթեւեկութեան մասնակի ապաշրջափակման։ «Բանակցութիւն տեղի կ՛ունենայ Ատրպէյճանի բնապահպանական փորձագէտներու հետ՝ Արցախի հանքավայրեր այցելելու կարգին շուրջ», եզրափակեց ան։
ՄԱԿի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը յիշեցուց եւ ընդգծեց 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւնը՝ երաշխաւորել քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան ապահովութիւնը։ «Վերջին շրջանի իրադարձութիւնները մեզ շատ մտահոգած են։ Երկու հանգամանք կ՛ուզեմ ընդգծել։ Նախ՝ Հայաստանի ու Արցախի միջանցքի ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները անընդունելի են։ Լաչինի միջանցքի փակման ուղիղ արդիւնքն է Արցախի բնակչութեան մեկուսացումը. մարդասիրական ծանր կացութիւնը օրէ օր կը վատթարանայ», ըսաւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը։
Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսա կոչ կ՛ուղղէ միջանցքով անվերապահօրէն վերսկսելու ապրանքներու եւ պարագաներու փոխադրութեան՝ նոյն ատեն բոլորովին ապահովելով ազգաբնակչութեան իրաւունքները։ Ֆրանսա կոչ կ՛ուղղէ՝ գործադրելու 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած յանձնառութիւնները։ Ֆրանսա նաեւ կ՛ընդգծէ, որ, ըստ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան յանձնառութեան. պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ մարդոց, փոխադրութեան միջոցներու եւ ապրանքներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը՝ Լաչինի միջանցքի երկայնքով երկու ուղղութիւններով։ Ֆրանսա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս հասանելիութիւն ապահովելու մարդասիրական կազմակերպութիւններու, ՄԱԿի գործակալութիւններուն՝ կացութեան արդիւնքները կրող բնակչութեան հետ աշխատելու համար։ Ֆրանսա կ՛արձանագրէ, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի առաջին անցումները կազմակերպուած են։
«Ֆրանսան երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ ստեղծելու միջավայր մը, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու եւ յառաջընթաց արձանագրելու։ Անիկա պէտք է ըլլայ միայն երկխօսութեամբ, եւ ոչ՝ ուժի գործադրումով։ Եւ պէտք է լուծուին գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը, երաշխաւորուին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները», աւելցուց ներկայացուցիչը։
ՄԱԿի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան զուգահեռ պիտի շարունակէ սատարել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան ջանքերուն։
Ան յիշեցուց, որ այս տարի Փրակի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի վարչապետը, Ատրպէյճանի նախագահը, Ֆրանսայի նախագահը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, թոյլ կու տայ լուրջ յառաջընթացի հասնելու։ Ֆրանսա պատրաստ է բոլոր կողմերուն հետ աշխատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ բոլոր նպատակներու իրագործման։ Ան աւելցուց, որ իրենք ներկայացուցած են յայտարարութեան նախագիծ, որ մինչեւ առաւօտ բաց է քննարկումներու։
Իրլանտայի ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ իր երկիրը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ առանց նախապայմաններու վերականգնելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը` 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան դրոյթներուն համապատասխան: «Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ՝ շարունակելու հաշտեցման գործընթացը, ինչ որ կարելի պիտի դարձնէ խուսափիլը մարդկային կեանքերու հետագայ անիմաստ կորուստէն: Իրլանտա կողմ է հարցի բանակցութիւններու միջոցով ձեռք բերուած, համապարփակ լուծման, որոնց կարգին՝ Արցախի երկարաժամկէտ կարգավիճակի յստակացման: Մենք կը վերահաստատենք մեր ամբողջական աջակցութիւնը բանակցութիւններու միջազգային ձեւաչափին` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին, որ պէտք է հասնի վերը նշուած նպատակի իրագործման», յայտարարեց ան։