ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐԻՒՐ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը ուրախութեամբ ցնծաց, երբ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի առաջին կարգի փոքրիկ աշակերտները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով ներկայացուցին գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին արտաբերուած իւրաքանչիւր բառ, երգ եւ խմբերգ աստուածային իմաստուն մտածումի մը ցոլացումն էր, արտաբերուած՝ հրաշք փոքրիկներու անմեղ հոգիներէն: Անոնք, իրենց պատասխանատուներով ու ծնողներով եկած էին Ազգային առաջնորդարան՝ շնորհաւորելու համար իրենց առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը:
«Բազմերանգ երգեցողութիւնը՝ ձեր մանկական սուրբ հաւատքին ամենապերճ արտայայտութիւնն է, ձեր ծնողներուն դաստիարակութեան եւ ձեր ուսուցիչներուն հետեւողական աշխատանքին ցոլացումն է: Այս տարուան իմ ամենամեծ նուէրս դո՛ւք էք եւ ձեր հայ-քրիստոնեայի ամենաիտէալական կերպարը, որ երաշխաւորն է մեր ցեղի շարունակականութեան ու մեր տեսակի յաւերժութեան», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը եւ բարձրօրէն գնահատեց փոքրիկներուն այն նուրբ եւ տեղին խնդրանքը, թէ՝ «մենք նուէր չենք ուզեր, մեր նուէրները Արցախի մանուկներուն տուէք»:
Ազգային առաջնորդարանը հաւատարիմ Քրիստոսի գծած ուղիին եւ անթիլիասական ոգիին, կը շարունակէ իր զօրակցութիւնը ամէն հեղ ցուցաբերել Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան, մինչ այսօր, հրաշք մանուկներու ինքնամոռաց խնդրանքին ընդառաջ, առաջնորդ սրբազանի օրհնութեամբ Արցախի մէջ հարիւր կարիքաւոր ընտանիքներու անգամ մը եւս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմէն կ՛երկարի «սիրոյ ձեռք», որպէսզի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօները համբուրելի Արցախի հայ ընտանիքներուն պարգեւեն երկնային ջերմութիւն եւ կեանքի ներշնչանք՝ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու եւ արարելու յուսառատ շողերով պարուրուած:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ